
Այսօր Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակներու Խորհրդաժողովը
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի կազմակերպմամբ՝ այսօր, Նոյեմբեր 29-ին, Երեւանի մէջ սկիզբ առած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցի Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ մօտ 50 ներկայացուցիչ։
Պաշտօնական բացումէն ետք՝ խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելած են «Եռաբլուր» պանթէոն։
Նոյեմբեր 30-էն խորհրդաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Գորիսի մէջ։
Խորհրդաժողովին իրենց ողջոյնի խօսքը յղած են Հայ Դատի գրասենեակներու օտարերկեայ բարեկամները` տարբեր երկիրներու խորհրդարանականներ, քաղաքական գործիչներ, որոնցմէ են`
Ադամ Շիֆ– Քոնկրեսական, Քոնկրեսի հայկական խումբի փոխնախագահ
Ֆապիօ Մասիմօ Գասդալտօ– Եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ
Խորխէ Տաիանա– Արժանթինի պաշտպանութեան նախարար
Էլենի Թէոխարուս– Կիպրոսի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Եւրոապական Խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախկին ղեկավար
Պրայըն Մէյ– Գանատայի Խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար
Գարլ Վանլաուէ– Պելճիքայի Դաշնային Ծերակոյտի պատգամաւոր
Թիմ Լօթոն– Միացեալ Թագաւորութեան Համայքներու պալատի անդամ, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար
Նիքիթաս Գագլամանիս– Յունաստանի Խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Ֆրանսուա Ալֆոնսի- Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր, Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համահիմնադիր
Դանիէլ Ռատիօ-Ուրուկուէի Արեւելեան կառավարութեան անդամ, Արցախ ֆորումի անդամ
Լուգաս Ֆուրլաս -Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար
Քէյս Վան Տեր Սդաէյ– Նիտըրլանտներու Խորհրդարանի պատգամաւոր
Անդէրս Օսդերպէիր – Շուէտի Խորհրդարանի պատգամաւոր
Վերոնշեալ անձերուն ողջոյններուն տեսաուղերձը՝ յղումով
