Ազրպէյճան Իր Սադրիչ Քայլերով Կը Փորձէ Լարուածութիւն Մտցնել Հայ Յունական Յարաբերութիւններուն Մէջ. Դեսպան Մկրտչեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­յին հան­րա­կառ­քին վրայ յայտ­նո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան «­Շու­շին Ազրպէյ­ճան է» գո­վազ­դին անդ­րա­դար­ձաւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ՀՀ նո­րան­շա­նակ դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, «Ար­մէնփ­րես»-ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին։ ­Դես­պա­նը նշեց, թէ քա­ղա­քա­կան բնոյթ կրող սադ­րիչ գո­վազ­դը վար առ­նո­ւե­ցաւ շնոր­հիւ դես­պա­նու­թեան եւ յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րու, ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի միա­ցեալ ջան­քե­րուն, ո­րոնք յա­տուկ քայ­լե­րով դի­մե­ցին քա­ղա­քա­կան եւ տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն։

Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծեց, որ Ազր­պէյ­ճա­նի կող­մէ նմա­նօ­րի­նակ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­րե­լի է սպա­սել ոչ միայն ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, ուր ատր­պէյ­ճա­նա­կան փոքր հա­մայնք կայ, այ­լեւ այլ երկր­նե­րու մէջ եւս: «Ազրպէյճանը ուղ­ղա­կի կը փոր­ձէ նման սադ­րիչ քայ­լե­րով որ­պէս ի­րա­կա­նու­թիւն ներ­կա­յաց­նել ու յա­ւեր­ժաց­նել ու­ժի կի­րառ­ման հե­տե­ւան­քով ար­ձա­նագ­րո­ւած ար­դիւնք­նե­րը, մինչ­դեռ մենք յստակ գի­տենք, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը կը մնայ բաց: Ատոր մա­սին ԵԱՀԿ­Մինս­կի խումբի հա­մա­նա­խա­գահ բո­լոր երկիր­ներն ալ խօ­սած են: Այնպէս կ՝երեւի՝ Ազրպէյճա­նը նման մե­թոտ­նե­րով կը փոր­ձէ մէ­կընդ­միշտ «ֆիք­սել», թէ իբր ­Շու­շին ազրպէյճա­նա­կան է եւ չի կ­րնար վե­րա­նա­յո­ւիլ ­Շու­շիի վե­րա­դարձ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի կազ­մին մէջ։ ­Բայց ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղը ու­նի իր յստակ վար­չա­կան սահ­ման­նե­րը եւ ­Շու­շին, ինչ­պէս նաեւ ­Հադ­րու­թը միան­շա­նակ այդ սահ­ման­նե­րուն մէջ են: ­Շու­շին եւ ­Հադ­րութը այս պա­հուն գրա­ւո­ւած են: Ն­ման քայ­լե­րով Ազրպէյճա­նը կը փոր­ձէ տպա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծել, թէ այդ հար­ցը փա­կո­ւած է: Ազրպէյ­ճա­նը կ՝երթայ ընդ­դէմ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի տրա­մա­բա­նու­թեան: Այս քայ­լը ես կը դի­տար­կեմ որ­պէս սադ­րանք՝ յատ­կա­պէս այն­պի­սի բա­րե­կա­մա­կան երկ­րի մէջ, ինչ­պէ­ս ­Յու­նաս­տանն է, ո­րուն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մէկ ան­գամ չէ, որ հա­մե­րաշ­խու­թիւն յայտ­նած են ՀՀ դիր­քո­րո­շում­նե­րուն հա­մա­հունչ: Ն­ման սադ­րիչ քայ­լով կը փոր­ձեն լա­րո­ւա­ծու­թիւն մտցնել հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, որ, բնա­կա­նա­բար, պիտի չի յաջողի»,- եզ­րա­փա­կեց ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ՀՀ դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան: