Պոլսոյ «Գալֆաեան Տան» Հիմնադրութեան 155-րդ Տարեդարձը

Uncategorized

«Գալֆաեան Տան» հիմնադրութեան 155-րդ տարեդարձը 21 Նոյեմբերին,  աւանդական ձեւով նշուեցաւ պոլսահայ համայնքին մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան նախագահեց այս առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութեան։ Հաստատութեան հիմնադրութեան տարեդարձին զուգահեռ ոգեկոչուեցան նաեւ Գալֆաեան ուխտի հիմնադիրը եւ անդարձ բաժնուած բոլոր անդամուհիները։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ժամանակ»-էն։

Պատրիարք հօր հանդիսապետութեամբ, Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Գողթան» դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։ Ներկայ էր նաեւ Գալֆաեան ուխտէն քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։

Օրուան պատգամին մէջ, պատրիարք հայրը կանգ առաւ ողորմութեան կարեւորութեան վրայ, ապա ընդգծեց «Գալֆաեան Տան» յարատեւութեան կարեւորութիւնը։ «Հոգելոյս սրբուհի մայրապետ Գալֆաեանի կողմէ հիմնուած այս հաստատութիւնը կը մարմնաւորէ կարեւոր արժէք մը, որ պէտք է ըլլայ շարունակական», նշեց պատրիարքը, որ նաեւ գնահատեց ատենապետուհի Տիանա Գամփարոսեանի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութիւնը եւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզը։

«Գալֆաեան Տան» խնամակալներուն առընթեր, արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։

Համաճարակին պատճառով սիրոյ սեղան չսարքուեցաւ եւ աւանդական մատաղի միսը բաժնուեցաւ բոլորին։

Մինչ այդ, նուիրահաւաքի արդիւնքը բաւարար չեղաւ խնամակալութեան կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար։ Ակնկալուած գումարին միայն երկու երրորդը հանգանակուեցաւ։