
Գեղարքունիքի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմի Կրակոցին Հետեւանքով Ժամկէտային Զինծառայող Զոհուած է. ՊՆ
Նոյեմբեր 22-ին, ժամը 18։10-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի, մասնաւորապէս՝ Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինծառայող, շարքային Սուրէն Եուրիկի Սաֆարեանը (ծն. 2002թ.)։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ՊՆ հաղորդագրութենէն:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Սուրէն Սաֆարեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Ժամը 19։30-ի դրութեամբ փոխհրաձգութիւնը դադրած է։