Հաստատուած 13 Գերի Կայ, Որոնցմէ Մէկը Վիրաւոր է. Բորիս Աւագեան

Աշխարհ, Հայաստան

Պաքուի մէջ կը գտնուի մէկ վիրաւոր հայ զինծառայող, որ վիրահատութեան կարիք ունի: Որքան գիտեմ, համաձայնութիւն եղած է զինուորը վիրահատելու, առողջական վիճակը կայունացնելու, որպէսզի արտօնելի ըլլայ անոր տեղափոխումը։ Ազրպէյճանական կողմը խոստացած է ռուսական կողմին վերադարձնել զինծառայողը»,- այս մասին, ըստ «Փաստինֆո»-ի, յայտնած է գնդապետ Բորիս Աւագեանը։

Գնդապետը նշած է, որ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ կ՝ընթանան լուրջ աշխատանքներ, որոնք, յոյսով է դրական աւարտ պիտի ունենան։ «Հաստատուած 13 ռազմագերիի վերադարձին վերաբերեալ կ՝ընթանայ բանակցութիւն, որ անոնց տուն վերադարձնեն եւ աշխատանք կը կատարուի՝ 24 անյայտ կորած զինծառայողի վերաբերեալ, որ յայտնաբերուին եւ տուն վերադարձուին»։

Նշենք, որ Նոյեմբեր 17-ին, Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ, յատուկ թռիչքով Պաքուէն Երեւան տեղափոխուած էր Նոյեմբեր 16-ի ազրպէյճանական ռազմական յարձակման հետեւանքով ծաւալած մարտերու մասնակից ՀՀ ԶՈՒ զինծառայողի մարմին։

«Հաստատուած 13 գերի կայ. 12-ը վիրաւոր չեն, մէկը վիրաւոր է։ Անոր բուժօգնութիւն տրամադրուած է Պաքուի մէջ։ Մէկ զինծառայողի աճիւնը վերադարձուցած է զօրավար Մուրատովը։ Մէկը յայտնաբերած է գնդապետ Գորինը, որ այնտեղ կ՝աշխատի, ազրպէյճանական կողմը հաստատած է, որ անոր աճիւնները իրենց մօտ է եւ խոստացած են տրամադրել»,- ըսած է Բորիս Աւագեանը։