Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիրին ՀՀ ԳԱԱ-ն Պատուոգիր Շնորհեց

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստան-Լիբանան բազմակողմ յարաբերութիւններու, Սփիւռքի հետ գիտակրթական կապերու եւ հայ մշակոյթի զարգացման նպաստելու համար՝ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին, Նոյեմբեր 1-ին, շնորհուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան պատուոգիր: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Նախաձեռնութիւնը Արեւելագիտութեան բաժանմունքինն է: