Փրոֆ. Ա. Մովսիսեանի «Հայաստանի Նախամաշտոցեան Գրաւոր Մշակոյթի Պատմութիւն» Գիրքին Շնորհանդէսը

Հայաստան

Սեպտեմբեր 22-ին, ժամը 17։00-ին, «Զանգակ» գրատան Աբովեան մասնաճիւղին մէջ տեղի պիտի ունենայ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսըր Արտակ Մովսիսեանի «Հայաստանի նախամաշտոցեան գրաւոր մշակոյթի պատմութիւն» գիրքին շնորհանդէսը:

Մենագրութիւնը նուիրուած է Հայկական լեռնաշխարհին մէջ գիրի ծագման եւ զարգացման վաղ փուլերուն, Մեսրոպ Մաշտոցէն առաջ Հայաստանի մէջ կիրառուած գրային համակարգերու, անոնցմով մեզի հասած գրաւոր յուշարձաններու ուսումնասիրութեան։ Ներկայացուած են ինչպէս բնիկ հայաստանեան, այնպէս ալ օտար երկիրներու մէջ ստեղծուած եւ մեր նախնիներուն կողմէ ներմուծած ու կիրառուած գրահամակարգերը՝ իրենց գրային յուշարձաններով։ Առանձին գլուխներ նուիրուած են Հայաստանի տարածքին մէջ օտարներու ձգած արձանագրութիւններուն, նաեւ առեղծուածային ծագումով ու անյայտ նշանակութեամբ գրաւոր յուշարձաններուն, ինչպէս նաեւ ի մի բերուած են Հայաստանէն գտնուած տեղական եւ օտար ծագում ունեցող արձանագրութիւններու մասին տեղեկութիւնները։

Գիրքը հրատարակած է «Զանգակ» հրատարակչութիւնը:

Մուտքը ազատ է: