Զինված Ուժերը Եղած են եւ Կը Մնան Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Կարեւոր Գրաւականներէն Մէկը. Դաւիթ Բաբայեան
Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրէն ներս։ Սեպտեմբեր 2-ին, Դաւիթ Բաբայեան այցելած է Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկը։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախարարը շնորհաւորած է զինծառայողները պետական կարեւորագոյն տօնին առիթով, քննարկած է արտաքին քաղաքականութեան ու պետականաշինութեան վերաբերող շարք մը հարցեր։
«Զինուած ուժերը եղած են եւ կը մնան Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան կարեւոր գրաւականներէն մէկը»,- նշուած է ԱԳՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպման աւարտին Դաւիթ Բաբայեան զինծառայողներուն մաղթած է բարի եւ անփորձանք ծառայութիւն։
