ՌԴ-ն Ազրպէյճանին Կոչ Կ՝ընէ Ազատելու Բոլոր Ռազմագերիները` Առանց Որեւէ Պայմանի. Լաւրով

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կոչ կ՝ընէ Ազրպէյճանին` ազատ արձակելու բոլոր ռազմագերիները` առանց որեւէ պայմանի.  Այս մասին յայտարարած է
ՌԴ ԱԳՆ ղեկավար Սերգէյ Լաւրովը՝ ՀՀ ԱԳՆ նախարար Արարատ Միրզոյեանի Մոսկուա այցին ընթացքին։

«Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ կը խօսուի ռազմագերիներու մասին, որոնք այն ժամանակ առկայ էին: Այժմ Ազրպէյճանը գերիներ կը պահէ այնտեղ՝ վերցուած Նոյեմբեր 9-էն ետք, երբ յայտարարութիւնը ուժի մեջ էր, եւ համաձայնութիւն կար դադրեցնելու ցանկացած թշնամական գործողութիւն: Այնուամենայնիւ, Ռուսիոյ նախագահը նախագահ Ալիեւի հետ շփումներուն եւ այլ շփումներու ընթացքին կոչ կ՝ընէ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները` առանց որեւէ նախապայմանի»,- նշած է ՌԴ նախարարը։