Հայկական Իրաւական Կեդրոնը Ազրպէյճանի Կողմէ Սպաննուած Հայ Ռազմագերիներու Գործով ՄԻԵԴ-ի Մէջ Իրաւական Գործընթաց Սկսած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ուաշինկթընի մէջ գրանցուած Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (ALC), համագործակցաբար ՀՀ-ի մէջ գրանցուած Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի հետ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) ներկայացուցած է նոր գործեր, որոնցմով Ազրպէյճանը կը մեղադրուի հայ ռազմագերիներու եւ պատանդառութեան մէջ գտնուող անձերու մահուան համար։ ՄԻԵԴ ներկայացուած փաթեթին մէջ կը նշուի` թիւով 19 անձինք, ինչպէս իրենց հայրենի բնակավայրերուն մէջ մնացած քաղաքացիական մարդիկ, այնպէս ալ զինուորականներ, իրարմէ տարբեր 10 միջադէպերու իբրեւ արդիւնք սպաննուած են, երբ գերութեան մէջ գտնուած են ազրպէյճանական ուժերու կողմէ կամ եղած են ձերբակալուած։ Դիմումները ներկայացուած են ականատեսներու ցուցմունքներուն, համացանցի մէջ տարածուած տեսաձայնագրութիւններուն, դատաբժշկական փորձաքննութիւններուն անհերքելի ապացոյցներով եւ փորձագիտական եզրակացութիւններով։

Երկու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները հաւաքուած նիւթերով կը փորձեն պատասխանատւութեան ենթարկել Ազրպէյճանը` ինչպէս Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի, այնպէս ալ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաձայն` գերութեան մէջ գտնուող անձանց կեանքը չպաշտպանելու համար:

«Չկարենալով պաշտպանել գերութեան մէջ գտնուողներուն կեանքը եւ չկարենալով հետաքննել սպաննուած գերիներուն հարցերը, Ազրպէյճանը խայտառակ կերպով կը խախտէ մարդու իրաւունքները ու չի կատարեր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները։ ՄԻԵԴ-ի եւ եւրոպական բոլոր յարակից կառոյցներու պարտականութիւնն է միանշանակ կարմիր գիծ քաշել եւ ստիպել Ազրպէյճանի բռնապետութեան պատասխանատւութիւն ստանձնելու»,– կ՝ընդգծէ Հայկական իրաւական կեդրոնի նախագահ Քէն Խաչիկեան:

Հայկական իրաւական կեդրոնը յանձնառու է սպաննուած 19 անձանց դէպքերով հետապնդելու արդարութիւն, ինչպէս նաեւ ապահովելու, որ բոլոր հայ ռազմագերիները ազատ արձակուին եւ առանց վնասներու հայրենադարձուին: Այս նպատակով Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած հայկական իրաւական կեդրոնը կը համագործակցի Երեւանի մէջ գտնուող Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնին հետ` առաւել քան 100 հայ ռազմագերիներու անունով ՄԻԵԴ-ի մէջ գործեր յարուցելու համար։ Այսպիսով, այս գործընկերութիւնը թոյլ կու տայ անհատական մակարդակով պաշտպանելու Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու կէսէն աւելիին։ Համագործակցող կազմակերպութիւններու ջանքերով վերջերս կրկին լրացուցիչ գործեր ներկայացուեցան ՄԻԵԴ՝ պահանջելով Ազրպէյճանի հանդէպ կիրառել միջանկեալ միջոց։ Մշտական աշխատանք կը տարուի Ազրպէյճանի կողմէ պահուող այլ ռազմագերիներու վերաբերեալ հետաքննութիւն իրականացնելու եւ բացայայտումներ ընելու ուղղութիւններով, հետամուտ ըլլալու ինչպէս անոնց ազատութեան, այնպէս ալ կեանքի իրաւունքին։

Հայկական իրաւական կեդրոնը հրապարակած է այն անձանց անուն-ազգանուններն ու սպանութեան դէպքերը, որոնց առնչութեամբ սկսած է իրաւական գործընթաց։ Հաշուի առնելով սպանութեան դէպքերու առանձնակի դաժան բնոյթը՝ անոնց վերաբերեալ տեղեկատւութիւնը թարգմանաբար չենք հրապարակեր։

Ազրպէյճանական վայրագութիւններուն իբրեւ արդիւնք գերութեան մէջ սպաննուած մեր հայրենակիցներն են Վահրամ Լալայեանը, Վոլոտիա Աղաբէկեանը, Արսէն Ղարախանեանը, Եուրի Ադամեանը, Բենիկ Յակոբեանը, Մուշեղ Մելքումեանը, Նարէկ Բաբայեանը, Գենադի Պետրոսեանը, Եուրիկ Ասրիեանը, Սարգիս Մանուկեանը, Լուդֆիկ Ավդալեանը, Սենիկ Խուրշուդեանը, Յովիկ Յովակիմեանը, Կարէն Ներսիսեանը, Հայկ Յարութիւնեանը, Ալբերտ Ստեփանեանը, Գրիշա Գրիգորեանը, Սասուն Պետրոսեանը, Սամուէլ Սմբատովը։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

11.08․2021 թ.