
Մտաւորականութեան Պարտականութիւնն Է Պաշտպանել Արեւելահայերէնի Եւ Արեւմտահայերէնի Զուգընթաց Ճանապարհը. Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան
«Ազդակ»-ի 33-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցած է Յուլիս 8-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Դասախօսած է «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան: Լսարանը վարած է «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։
Փրոֆ. Դանիէլեան ներկայացուցած է հայագիտական ուսումնառութեան ներկայ իրավիճակը, կրթական մրցունակ ցանցի եւ կրթական միասնական ծրագիրի բացակայութիւնը:
Դասախօսը տուեալներով ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական ծրագիրներուն մէջ արեւմտահայերէն գրականութեան եւ արեւմտահայ գրողներու ու բանաստեղծներու ներառուած բաժինը, որ հեռու է արեւմտահայ գրականութեան ճանաչողականութիւնը ապահովելու առաջադրանքէն:
Դասախօսը օրինակներ տալով նշած է նաեւ, որ այն գրողները, որոնք արեւմտահայ գրականութենէն անցում կատարած են արեւելահայ գրականութեան, չեն նպաստած ընդհանրապէս հայ գրականութեան զարգացման:
Փրոֆ. Դանիէլեան յատուկ վերլուծում կատարած է պոլսահայ գրականութեան երեւոյթին վերաբերեալ` նկատի ունենալով յատկապէս 1970-ական թուականներէն մինչեւ 2010 երկարող ժամանակահատուածը:
Արեւմտահայ գրականութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու պատրաստութիւնը հրամայական նկատելով` դասախօսը ընդգծած է արեւմտահայ գրականութեան ճանաչողականութեան ապահովման համար Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք համատեղ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:
«Մտաւորականութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի զուգընթաց ճանապարհը»,- իր խօսքի աւարտին նշած է փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան:
Դասախօսութեան յաջորդած է գրականագիտութեան եւ լեզուաբանութեան արդի հարցերուն, միացեալ ուղղագրութիւն որդեգրելու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արեւմտահայ գրականութեան ճանաչողականութեան մակարդակը բարձրացնելու մասին քննարկում: