Արէն Իսրայէլեան` Եւրոպայի Պատանեկան Առաջնութեան Ոսկէ Մետալակիր

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան՝ Հայաստանի հաւաքականի երկրորդ ոսկէ մետալը նուաճած է Արէն Իսրայէլեան, որ 71 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին՝ 12։1 հաշուով յաղթած է ռուսաստանցի Տուխաեւը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀԸՖ-ի մամուլի ծառայութենէն։

Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը ԵԱ-ի խմբային հաշուարկով յայտնուած է երկրորդ տեղը։ Առաջին՝ Ռուսիոյ խումբը։

Յիշեցնենք, որ 55 քկ քաշային կարգով ոսկէ մետալ նուաճած էր Անդրանիկ Աւետիսեան։

Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն պրոնզէ մետալակիր դարձած են Սարգիս Բեգոյեան (48 քկ), Անուշաւան Բարսեղեան (65 քկ) եւ Նարեկ Գրիգորեան (80 քկ)։