Հայաստան ԸՆտրապայքարի Մէջ – Բ. Մեր Փոքր Նաւը եւ Շրջանային ու Միջազգային Փոթորիկներ (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

44-օրեայ պատերազմը, անկէ առաջ տիրող վիճակն ու մասնաւորապէս անոր հետեւած զարգացումները կը հարկադրեն, որ Հայաստանի ճակատագիրը յանձանձել ուզողը, ներքին հակադրութիւններու եւ տագնապներու ոլորտէն անդին սեւեռելով՝ շատ աւելի լուրջ եւ քննական մօտեցումով դիտէ շրջանային ու միջազգային զարգացումները, որոնք ընդհանդապէս վտանգաւոր ալիքներ-հոսանքներ ստեղծած են Հայաստան-Արցախի շուրջ: Վարպետ քաղաքագէտ-դիւանագէտին կը մնայ ըստ կարելւոյն՝ լաւագոյնս կշռադատել իրականութիւնը եւ գործել վնասները նուազագոյնին իջեցնելու, մինչեւ իսկ ստեղծուած հոսանքներէն օգտուելու կամքով: Սա երազային բաղձանք չէ, այլ մաս կը կազմէ «կարելին իրականացնելու» տարրական սկզբունքին: (Ասոր կը հետեւի նաեւ, բանակին վերականգնումին զուգահեռ՝ փլուզուած դիւանագիտութեան վերականգնումը):
Պահ մը կացութիւնը դիտենք հետեւեալ պատկերին մէջ: Հայաստանի փոքր հածանաւը կը նաւարկէ տարածուն ծովերու, ովկիանոսներու մէջ. անոր դիմաց կամ կողքին կը նաւարկեն հսկայ քարիւղատարներ, ապրանքատարներ եւ պատերազմական նաւատորմեր: Հայաստանի նաւապետը գիտէ – պէտք է գիտնայ -, որ այդ հսկայ նաւերուն անցքը անպայմանօրէն պիտի ստեղծէ ալիքներ ու հոսանքներ, որոնք կրնան մինչեւ իսկ խորտակումի տանիլ մեր նաւը, ուրեմն, իրեն կը մնայ ո՛չ թէ ուղղակի ճակատումի-բախումի չերթալ այս կամ այն հսկայական նաւուն դէմ, այլ ղեկը օգտագործել այնպիսի՛ ձեւով մը, որ մեր նաւը նուազագոյն վնասով ու շեղումով շրջանցէ անկէ եկող ալիքներուն ազդեցութիւնը: Աւելի վարպետի գործ կ’ըլլայ օգտուիլ ստեղծուած մեծ ալիքներէն, որպէսզի անոնց հոսանքը (որքան որ կարելի է) նպաստէ մեր նաւուն դէպի նպատակակէտ(եր) յառաջանալուն:
Նման «տեսութիւն» հաւանաբար նկատուի անկարելի առաքելութիւն՝ մեր նաւապետերուն համար, որովհետեւ սկսած ենք սովորութիւն դարձնել այն զրոյցը, թէ Հայաստան ի՞նչ ուժ ունի, ի՞նչ բարեկամներ, որ կարենայ դիմակայել ու դիմադրել հզօր հոսանքներու: Սկսած ենք մոռնալ, որ 100 տարի առաջ, 30 տարի առաջ, նման ահաւոր ալիքներու դէմ յանդիման եկած ենք, սակայն նուազ փորձառութեամբ, համեստ ուժով՝ աւելի՛ վարպետօրէն յառաջ տարած ենք մեր նաւը: Սա սնամէջ յոխորտանք չէ, սա պատմական փաստ է, ուզենք տեսնել-ընդունիլ, թէ ոչ:

ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ
Տեսանելի է (արդեօք բոլորս ալ կը տեսնե՞նք), որ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Կովկաս, նաեւ շատ աւելի հեռու տարածուող երկրամասեր, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր ինկած են հին-նոր փոթորիկներու յորձանուտին մէջ, որոնց ալիքները ահաւասիկ հասան Հայաստան-Արցախ: Վիճակը մէկ մասնիկն է Խորհրդային Միութեան կործանումէն ետք ուրուագծուած «նոր աշխարհ»ին, ուր ուժերու եւ մրցակցութիւններու դասաւորումը խորքին մէջ վերանորոգած է, նորացուցած են հին հակամարտութիւնները: Նպատակ չունինք մտնելու մանրամասնութեանց մէջ, հասնելու համար մինչեւ Եւրոպա, Ափրիկէ կամ Արեւելք(ներ):
Մեզի համար ամէնէն ուշագրաւ զարգացումներէն մէկը կը կատարուի Կովկաս-Փոքր Ասիա տարածքին մէջ: Առերեւոյթ՝ ականատես ենք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ սիրաբանական-հակադրական էջերու, որոնք կիրարկման դաշտ ունին նայեւ Սուրիան եւ Ռուսիոյ դրացի այլ շրջաններ: Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիա, որքան ալ որ խաղայ Միացեալ Նահանգներու հակադրուողի լարերուն վրայ, է՛ ու կը մնայ, պիտի պահուի ՆԱԹՕ-ի մէկ անդամը, անոր հողերը կը պահեն Արեւմտեան Զինակցութեան համար իրենց նշանակութիւնը:
Եթէ պահ մը ետ երթանք պատմութեան էջերուն մէջ, պիտի յիշենք, որ 19-րդ դարու ամբողջ երկայնքին, յետոյ նաեւ 20-րդ դարուն, Ռուսիա Թուրքիոյ ուղղութեամբ միշտ ալ շարժած է ՄԵԿՆԵԼՈՎ ԻՐ ՇԱՀԵՐԷՆ, եւ ո՛չ թէ անպայման Հայաստանի կամ այլ երկիրներու-ժողովուրդներու շահերը պաշտպանելու դիտաւորութենէն: Ռուսական բանակները այս տրամաբանութեամբ են որ յառաջացած են դէպի թրքական հողեր, յետոյ ստիպուած են քաշուիլ, երբ Արեւմուքը օգնութեան հասած է իր շահերու կռուան՝ Թուրքիոյ: Իսկ եթէ յիշենք Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներու օրերը, կը տեսնենք, որ Հայաստանի ու հայութեան շահերը ինչպիսի՛ խաղերու եւ մրցակցութիւններու զոհ դարձան… մեր կարողութիւններէն վեր զարգացող անձուդարձերու հետեւանքով, մինչեւ այսօր ալ կայ այն տեսակէտը, որ Սան Սթեֆանոն համեմատաբար աւելի՛ բարեյոյս էր, քան բազմաթիւ խոհարարներ համախմբող Պերլինը: Իսկ հիմա, ունինք հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, դաշնակցային կապերը, ինչպէս նաեւ… Մինսքի խմբակը, որ ահաւասիկ կը փորձէ ինքզինք վերահաստատել պատերազմէն աւելի քան 7 ամիս ետք…
Մեզ շահագրգռող զարգացումներ կան օրակարգի վրայ, շատ մօտիկ եւ քիչ մը աւելի հեռու ապագաներուն: Օրինակի համար, կան Փութին-Պայտըն Ժընեւի հանդիպումը, Պայտըն-Էրտողան տեսակցութիւնը, Էրտողան-Ալիեւ հանդիպումները (մաս մը՝ Շուշիի մէջ…): Զուգահեռաբար, Հայաստան յոյսեր եւ գործակցական հեռանկարներ կապած է Եւրոպական Միութեան (մասնաւորաբար գերիներու հանգոյցին լուծման ոլորտին մէջ): Քիչ մը աւելի հեռու նայելով՝ Ուշինկթընի եւ Թեհրանի հորիզոնները մատնաչափ մը աւելի՛ լուսաւոր կը թուին Պայտընի օրով, քան ինչ որ էին Թրամփի օրերուն (երբեք մտահան չենք ըներ, որ Պայտըն, Թրամփ, խորհրդարանականներ եւ այլ պատասխանատուներ նա՛եւ կապանքներ ունին, եւ կը շարժին իրենցմէ վեր «ուժերու» շահերուն համաձայն…): Կարելի է օղակները աւելի եւս տարածել, հասնելու համար մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք եւ այլուր, գոնէ այն տարածքները, որոնց մէջ տեղի ունեցող հին-նոր(ացուած) զարգացումները առաւել կամ նուազ չափով ազդեցութիւն ունին Հայաստանի ու շրջապատող երկրամասերուն վրայ:
Այս բոլորը չենք արձանագրեր միայն ռազմական-ռազմավարական հակադրութիւններու, մրցակցութիւններու կամ գործակցական կապերու դիտանկիւնէն, այլ մանաւանդ տնտեսական շահերու զուգորդութեանց եւ մրցակցութեանց տեսանկիւնէն (առանց անտեսելու տնտեսութեան եւ ռազմավարական հաշիւներու միջեւ կապերը): Չենք մոռնար, պէտք չէ մոռնանք նաեւ պատմական այն իրականութիւնը, որ օր մը, երբ Արեւելքին եւ Արեւմուտքին դիտանկիւնէն՝ Օսմանեան կայսրութեան գոյատեւումը դարձաւ անյոյս, լուռ համաձայնութիւն գոյացաւ անոր «Շնորհի հարուած» մը տալու, եւ կայսրութիւնը մասնատուեցաւ, անկախ երկիրներ ծնունդ առին եւ կը գոյատեւեն, իսկ Թուրքիա այսօր ճամբայ ելած է հին փառքը (համաթուրանականութիւնը) որսալու ախորժակով, մտահոգութեան ալիքներ տարածելով Հայաստանէն շատ անդին գտնուող երկիրներու մէջ…

ԱՐԵՒԵԼՈՒՄԻ ՀԱՐՑԵՐ
Ընտրապայքարի դաշտը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերաւ Արեւե՞լքը թէ՞ Արեւմուքը ընտրելու, այսինքն՝ արեւելումի հարցը: Կարգ մը թեկնածուներ եւ ուժեր կը շեշտեն, որ Հայաստան պէտք է պահպանէ ռուսամէտ արեւելումը, որովհետեւ Ռուսիոյ հետ ունի պատմական եւ ռազմավարական կապեր, ձեւեր գտնէ այս տրամաբանութեամբ այլոց հետ գործակցելու, իսկ հակադիր գիծի մը վրայ, կան դէպի Արեւմուտք յարելու եւ ռուսականէն միանգամընդմիշտ հրաժարելու տեսակէտը ջատագովողներ, պատճառաբանելով, որ Ռուսիա չ’արդարացներ Հայաստանի սպասումներն ու ակնկալութիւնները:
Թէ ինչո՞ւ մեր ռազմավարական դաշնակիցը նման «կրաւորական» դիրք բռնած է, արդէն ինքնին սուր բանավէճերու նիւթ է, ես սա՝ անկախ իր շահերուն հետամուտ ըլլալու Ռուսիոյ վաղեմի (եւ մոռցուած) վարքագիծէն (յիշենք նաւերու միջեւ ճամբորդելու վերի օրինակը): Մինչդեռ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ծուարած եւ վերջին պատերազմէն ետք ահաւոր կերպով տկար դիրքի վրայ ինկած Հայաստանէն կը սպասուի իրատեսութիւն եւ անկէ բխող՝ կարելի հաւասարակշռութեան ստեղծումը:
Այս ենթապատկերը աչքի առջեւ ունենալով, փորձենք, որեմն, բացատրութիւններ գտնել (պազ թւումի կարգով) վերջին շրջանի կարգ մը առաջարկներու, դէպքերու եւ միջոցառումներու մասին:
Մէկ կողմէ՝ Ռուսիոյ հետ կապերու ամրապնդման ջատագով հրաժարեալ վարչապետը մերթ ընդ մերթ կը կատարէ յայտարարութիւններ, կ’առնէ քայլեր, որոնք գործնապէս հակառակը ցոյց կու տան: Օրինակ, մէկ կողմէ կ’առաջարկէ ռուս դէտեր կամ ՀԱՊԿէն խաղաղարար ուժեր հաստատել Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին վրայ, միաժամանակ (հաւասարակշռութիւն պահելու տրամաբանութեամբ) կ’ողջունէ Արեւմուտքի հզօրներէն՝ Ֆրանսայի այն առաջարկը, թէ կարելի է ֆրանսական ուժեր բերել անջատման գիծին վրայ (ուշադրութիւն. երկու պարագային ալ, Արցախի նորաստեղծ տարածքը կ’ընդունուի իբրեւ կատարուած իրողութիւն, խօսք չկայ Ազերիական ուժերու հեռացման եւ Արցախի ինքնորոշման, անկախութեան ճանաչման մասին. այդ մասին եղածն ալ դիւանագիտական բառամթերքին մաս կը կազմէ):
Արդեօք զուտ պատահականութի՞ւն էր, որ Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը՝ փոխ նախարարի աստիճան ունեցող Ֆիլիփ Ռիքըր Հայաստան այցելեց այն պահուն, երբ արտաքին գործոց նախարարն ու փոխ նախարարները հրաժարական տուած են, դիմաւորուեցաւ հրաժարեալ (եւ ընտրապայքար վարող) վարչապետին կողմէ, կրկնեց Հայաստանի հետ կապերը աւելի եւս ամրապնդելու Ուաշինկթընի սպասումը, խօսեցաւ ի նպաստ մեր գերիներու տունդարձին, եւ յետոյ, երկու օր ետք, Ատրպէյճան ազատ արձակեց 15 գերի, որոնց դիմաց ստացաւ Աղտամի շրջանին մէջ ականապատուած դաշտերու քարտէսը (գերիներու եւ նման ցաւոտ հարցերու ծիրին մէջ որեւէ դրական շարժում ողջունելի են անվիճելիօրէն): Փաշինեան հոն ալ բառախաղ մը ըրաւ, ըսելով, որ եղածը «փոխանակում չէ», այլ «Ատրպէյճանի կառուցողական մէկ քայլին դէմ մեր կողմէ կառուցողական քայլ»: Ուրեմն, ըստ Փաշինեանի, Ատրպէյճան «կառուցողական քայլեր» կը ցուցաբերէ՝ գերիներուն շուրջ սակարկելով… (Նշանաւոր խօսք է հետեւեալը. եթէ Աստուած ուզէ աղքատը ուրախացնել, նախ անոր էշը կորսնցնել կու տայ, յետոյ կ’օգնէ, որ վերագտնէ: Սա չենք յիշեր մեր գերիներուն հանդէպ վարկաբեկիչ արտայայտութիւն ունենալու տրամաբանութեամբ, ո՛չ ալ կ’ուզենք հարցադրել, թէ այս «կառուցողականութիւն»ը ինչՈ՞ւ չերեւցաւ աւելի կանուխ): Գոնէ հպանցիկ կերպով յիշենք, որ գերիներուն վերադարձը տեղի ունեցաւ… Արեւմուտքին յարած Վրաստանի ճամբով եւ (իբրեւ թէ բարերար) միջնորդութեամբ:
Քիչ մըն ալ շարունակենք արտաքին զարգացումներու եւ սպասումներու շարքը: Ամիսներէ ի վեր շուկայ հանուած է Հայաստան-Ատրպէյճան (նաեւ Թուրքիոյ հետ) ճամբաներու, երթեւեկի միջոցներու «ապաշրջափակման» օրակարգը, որ (իբրեւ թէ) ահագին բարիք պիտի բերէ Հայաստանի: Իշխանութեան տրամաբանութեամբ, անոր դիմաց կը նսեմանայ Սիւնիքի վրայով «միջանցք» մը ստանալու Ատրպէյճանի ծանօթ ծրագիրը: Իրականին մէջ, հոս ալ կան հաշիւներ, որոնք կ’անդրանցնին Հայաստանի շահերն ու հաշուարկները, նկատի ունին մէկ կողմէ Ռուսիոյ (որ հարաւային Հայաստանի մէջ «ոտքերը կ’երկարէ»), Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերը, ի հեճուկս Հայաստանի եւ… Իրանի: Անդին, Արցախի մասին Լաւրովի նորագոյն յայտարարութիւններուն մէջ եթէ կան Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ նշոյլներ, կարելի չէ անտեսել այն յառաջխաղացքը, որ Ռուսիա ապահովեց Արցախի մէջ իր նոր դերակատարութեամբ, իսկ սահմանէն հարաւ՝ Իրան որոշ մտահոգութեամբ կը հետեւի Ատրպէյճանի հողերուն վրայ թրքական կեդրոններու հաստատումին եւ… ահաբեկչական խմբակներու դիրքաւորման: Հայաստան իրողապէս մոռցած է մեր այն դատը, ըստ որուն, Ատրպէյճան, Թուրքիոյ աջակցութեամբ, արցախեան հողեր աւելցուց դարաւորապէս բռնագրաւեալ մեր հողերուն վրայ, պատերազմին մասնակից դարձուց իբրեւ ահաբեկիչ ճանչցուած եւ դատապարտուած ուժեր, գործեց պատերազմական ահաւոր ոճիրներ, բռնագաղթի հանեց Արցախի հայութեան աւելի քան կէսը (մաս մը վերադարձած է բարեբախտաբար, սակայն կը կանգնի անորոշ հորիզոններու դիմաց):
Հայաստանի հողին վրայ եւ անոր անմիջական շրջապատին մէջ զարգացումներէն դուրս պէտք չէ դիտել այն գիծերը, որոնք կ’երկարին մէկ կողմէ՝ մինչեւ Ուքրանիա (եւ Թուրքիոյ հետ անոր այժմու իշխանութիւններուն սիրաբանութիւնը՝ ի հեճուկս Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւն խաղացող Ռուսիոյ,) եւ զուգահեռ գիծի մը վրայ՝ Պիելոռուսիոյ նորագոյն զարգացումները (ընդդիմադիրներու շարժումներ, որոնք կը զարգանան նոյնինքն Ռուսիոյ մէջ ընդդիմադիրներու շարժումներուն զուգահեռաբար):
Այս ու նմանօրինակ բազմաթիւ զարգացումներ մեծ մասամբ կը թաւալին մեր գլուխէն բաւական բարձր մակարդակներու վրայ: Ընտրապայքարը (եւ ո՛չ միայն ընտրապայքարը) ընդհանրապէս պատճառ է, որ քաղաքական ուժերը շարժին՝ իրենց գլուխները խրած ներ-հայկական բեմի տագնապներուն մէջ: Քանի մը տարի առաջ, հեռու կամ մօտ զարգացումները կը դիտուէին հանդիստեսի դիրքերէ: Հիմա, պատուհասները հասած ու թափանցած են մեր հողերը, կը սպառնան, Արցախի մեծագոյն մասին կորուստէն ետք, պտիկ-պտիկ կորզել նաեւ Հայաստանէն մասնիկներ:
Մէկ խօսքով, Հայաստանի մէջ յետ-20 Յունիսը դիմակալողը պատրաստ պիտի ըլլայ հաշուի առնելու ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմին նախօրեակն ու հետեւանքները՝ ներքին իմաստով, այլ նաեւ աչքերը տարածելու դէպի մօտակայ եւ հեռաւոր հորիզոններ, որպէսզի Հայաստանի նաւը կարենայ վերագտնել վտանգաւոր ալիքներէ նուազագոյն չափով վնասուելու եւ, ըստ կարելւոյն՝ անոնցմէ օգուտ քաղելու կարողութիւնը: Այլ խօսքով, պէտք է «ազատագրուիլ» օրը օրին տեղի ունեցող դէպքերու եւ յայտարդարութիւններու գերեվարութենէն, «աքլորակռիւն»ի սեղմ օղակէն, Հայաստանն ու Արցախը տեսել-դիտել ու յանձանձել լայն պաստառի վրայ:
Ահա թէ ի՛նչ սպասումներով երպէտք է դիտենք 20 Յունիսի քուէատուփէն ծնելիք… փիղը կամ մուկը: