Հ.Յ.Դ. Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը Ազրպէյճանի Դեսպանութեան Առջեւ
Աթէնքի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ, Չորեքշաբթի՝ 26 Մայիսի երեկոյեան, բողոքի հաւաք մը կազմակերպեցին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները, դատապարտելու համար Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները, փոխն ի փոխ բարձրախօսը վերցնելով, յոյն հանրային կարծիքին առջեւ ներկայացուցին Սիւնիքի մէջ Ազրպէյճանի ներխուժման փորձերը եւ անոր շարունակական յարձակողապաշտութիւնը Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդին դէմ, խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի սահմաններէն ներս Ազրպէյճանի ռազմային ուժերու ներխուժումը, եւ պահանջելով հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։ Իրենց խօսքերուն մէջ, երիտասարդականի ընկերները անդրադարձան Ազրպէյճանի ոճրագործութիւններուն, Արցախի ու Հայաստանի դէմ շարունակուող բռնարարքներուն, միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումներուն, հայութեան դէմ անվերջ սպառնալիքներուն։
Յունաստանի հանրային կարծիքը եւ քաղաքական շրջանակները լաւապէս տեղեակ են Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութենէն, այնպէս ինչպէս լրիւ պարզուեցաւ Արցախի քառասունչորս օրուայ պատերազմին ընթացքին, եւ անկէ ետք առնուած սադրիչ քայլերով։
Խօսք եղաւ օրեր առաջ Եւրոպական Խորհրդարանի լիագումար նիստէն որդեգրուած բանաձեւումին եւ անկէ բխող ազդարարութիւններուն, որ Եւրոպական Խորհրդարանը ուղղած է Ազրպէյճանին։
Հաւաքի մասնակից երիտասարդ ընկերները պաստառներ եւ փլաքաթներ պատրաստած էին, ուր արձանագրուած էին լոզունգներ յունարէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Ցոյցի ամբողջ տեւողութեան, ուժական ոճով եւ պահանջատիրական լոզունգներով պահանջուեցաւ հայ գերիներու ազատ արձակումը, որը անյապաղօրէն գործադրելու պարտաւոր է Ազրպէյճանը։
