
Ստեփանակերտի Մէջ Բացուեցաւ Շառլ Ազնաւուրի Կիսանդրին
Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի տարածքին վրայ գտնուող Հայ-ֆրանսական բարեկամութեան պուրակին մէջ, 22 Մայիսին տեղի ունեցաւ Շառլ Ազնաւուրի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Artsakhpress.am-էն։
Կիսանդրիին բացման պատիւը տրուած էր քանդակագործ եւ կիսանդրիի հեղինակ Եուրի Յովհաննիսեանին եւ Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեանին:
Յովսէփեան, ներկայացնելով Ազնաւուրի կենսագրութիւնը՝ բարձր գնահատեց մեծանուն երգիչին դերը եւ վաստակը համաշխարհային մշակոյթին ու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: