
Մենենտեզ Հայ Գերիներու Վերադարձի Հարցով Պաքուի Վրայ Ճնշում Գործադրելու Կոչ Կ՛ընէ
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, դեսպան Վիքթորիա Նիւլընտի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալի պաշտօնին հաստատման լսումներուն ընթացքին, յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ բարձրացուց հայ ռազմագերիներուն վերադարձի հարց: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։
Մենենտեզ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է լուրջ ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի անյապաղ ազատ արձակուին ռազմագերիները:
Մենենտեզ խօսեցաւ նաեւ Արցախին տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան եւ յատկապէս իրենց տուներէն տեղահանուած արցախցիներուն անհրաժեշտ օգնութիւն ապահովելու կարեւորութեան մասին:
Նիւլընտ համաձայնեցաւ, որ Միացեալ Նահանգները պարտաւոր է մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Արցախին, ներառեալ՝ ականազերծման աշխատանքներու իրականացումը, ինչպէս նաեւ պէտք է ապահովէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Ան նաեւ ըսաւ, որ պաշտօնը ստանձնելու պարագային, ջանքեր պիտի գործադրէ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործունէութեան աշխուժացման ուղղութեամբ: