Ինքնաշարժի Արկածի Զոհ Դարձաւ Ժիրայր Շահիջանեան

Հայաստան, Սփիւռք

Մարտ 30-ին, ինքնաշարժի արկածի զոհ դարձաւ ՀՅԴ Երեւանի Մարզային կոմիտէութեան անդամ, ՀՅԴ Երեւանի «Կոմիտաս» կոմիտէի անդամ ընկեր Ժիրայր Շահիջանեանը։

Տարիներ առաջ ընտանիքով Իրանէն Հայաստան տեղափոխուած Ժիրայր Շահիջանեան շնորհակալ ներդրում ունեցած է Հայաստանի մէջ ՀՅԴ աշխատանքներուն։

ԵՌԱԳՈՅՆ-ի խմբագրական կազմը կը ցաւակցի Ժիրայր Շահիջանեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն։