Գեղամ Ստեփանեան Ընտրուած է Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այսօր, Մարտ 25-ին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին ընտրեց Գեղամ Ստեփանեանը։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին միջոցով տարածած է Արցախի ԱԺ նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան։
«Անչափ ուրախ եմ, բայց ոչ այնքան Գեղամի, որքան մեր երկրի համար: Որ թէկուզ դժուարութեամբ, սակայն բարեկիրթ եւ ուսեալ արցախցի երիտասարդները կը կարենան իրենց աշխատանքով եւ օրինակելի պահուածքով ինքնուրոյն ճանապարհ հարթել: Գեղամի ելոյթը Աժ ամպիոնէն արդէն իսկ յստակ ապացոյց է այն իրողութեան, որ, ի դէմս անոր, մենք ունինք լուրջ պատրաստուածութեամբ եւ մեծ պատասխանատւութեամբ երիտասարդ պետական գործիչ եւ այդպիսի իսկ անհատականութեան կարիք կայ մեր օրերուն աւելի բարձր հանրային- քաղաքական պահանջարկ ստացած Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին»,- գրած է Աշոտ Ղուլեան։
