Չծանրաբեռնենք… «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Սուրիահայ գաղութի թիւի նօսրացումին պատճառով նկատելի է ազգային այլազան մարզերու մէջ ներգրաւուած անձերու մէկէ աւելի գործեր ստանձնած ըլլալու ծանրաբեռնուածութիւնը:

Այս երեւոյթը բնական է ներկայ պայմաններուն մէջ, որովհետեւ ծառայողներու, մշակներու տագնապ կայ ամէն բնագաւառի մէջ:

Կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, երիտասարդական թէ պատանեկան հաստատութիւններու մէջ կը հանդիպինք նուիրեալներու, որոնք ստանձնած ըլլալով մէկէ աւելի աշխատանքներ, չեն կարենար իրենց պատկերացուցած ներդրումը ունենալ` ծանրաբեռնուած ըլլալնուն բերումով: Շատ մը պարագաներու անոնք նաեւ կը սկսին յոգնիլ եւ տեղի տալ: Այս ալ բնական է, որովհետեւ ծանրաբեռնուելով կարելի չէ բոլոր մարզերուն մէջ ցանկալի մակարդակով ծառայութիւն ունենալ, անհրաժեշտ ժամանակը տրամադրել եւ գոհ մնալ ստացուած արդիւնքէն:

Բնականաբար մեղաւորներ կարելի չէ փնտռել այս պարագային, ընդհակառակն` քաջալերել ու գնահատել է պէտք բոլոր անոնք, որոնք սիրով ու մեծ պատասխանատուութեամբ կը նուիրուին մէկէ աւելի ծառայողական աշխատանքներու:

Այս երեւոյթը, սակայն, երկար ժամանակի վրայ կրնայ բացասական արդիւնք ունենալ: Իւրաքանչիւր միութենական իր ստանձնած մարզին անհրաժեշտ ժամանակը, միտքն ու ջանքը չտրամադրելու պարագային իրեն վստահուած դերը ցանկալի որակով պիտի չկարենայ կատարել:

Լուծումներ չկա՞ն ուրեմն…

Բնականաբար կան:

Նորերը պատրաստելու եւ աշխատանքի մղելու ծրագիրը կը մնայ հիմնական լուծումը:

Անփո՞րձ են անոնք. օգնենք, որ փորձառութիւն շահին, ուղղենք, առաջնորդենք զիրենք, որ բարելաւեն իրենց կարելիութիւնները, պարզապէս չըսելու համար, թէ մարդ չկայ, աշխատող չկայ, ծառայող չկայ:

Սուրիահայ մեր ընկերութեան մէջ չեն պակսիր ծառայասէրները, նոյնիսկ երկրի ներկայ տնտեսական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն մէջ, այնուամենայնիւ մարդկային մեր պաշարին վերարժեւորման, հարստացման կարիքը ինքզինք կը պարտադրէ:

Վարժողական ծրագիրները, դասընթացքները, նորեր գործի դաշտ ուղղելով հետեւողականօրէն անոնց աշխատանքը հետապնդելու եւ սրբագրելու փորձերը, բայց մանաւանդ փորձառութիւններու փոխանակումը կրնան դրական արդիւնքի հասցնել բոլորս:

Չզլանանք ուրեմն յոյժ կարեւոր այս քայլերը առնելու եւ համայնքային, ազգային թէ միութենական միջավայրերուն մէջ ներգրաւելու նոր դէմքեր: Ներգրաւելէ ետք ալ մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պահելու զիրենք` անհրաժեշտ գիտելիքները, փորձառութիւնը փոխանակելով, անոնց աշխատանքի որակին հետամուտ ըլլալով եւ աստիճանաբար լուծելով ծառայող միութենականներու ծանրաբեռնուածութեան հարցը, զգուշ ըլլալով մէկտեղ որակի հաշուոյն քանակ աւելցնելու ծուղակէն:

Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Մէկ ձեռքով կարելի չէ երկու ձմերուկ շալկել»: