Էրտողանի Սուլթանական Երազը եւ Մեծ Պատերազմի Մը Ուրուականը (Մարք Յարութիւնեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թուրքիոյ նախագահը կը հետապնդէ սուլթանական ժառանգութեան վերականգնումը եւ իւրացումը: Արդէն ինքզինք կոչած է իսլամութեան առաջնորդի դերին, սպառնալով արեւմուտքի եւ արաբական աշխարհի: Սանձարձակ կը գործէ, քանի որ ոչ ոք կը փորձէ սահման դնել իր կայսերական փառասիրութեան առջեւ:

            Յիշեցում: Սուլթան Մեհմէտ Ֆէթիհի ժառանգութեան հաւատարիմ, ինչպէս որ ան ըրած էր ԺԵ․ դարուն իր բանակով, Էրտողան հրամանագրով մը Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարը վերածեց մզկիթի եւ կրօնապետը ճօճելով օսմանեան նուաճողի կեռ թուրը, քարոզեց:

            Աշխարհ լսեց, դիտեց, լռեց: Քաջալերա՞նք: Անզօրութի՞ւն: Մեղսակցութի՞ւն:

            Էրտողան ինքզինքին ամէն բան կրնայ թոյլ տալ, քանի որ իր դիմաց կանգնող չկայ, երբեմն մսկոտ խօսողներ կան: Իրադարձութիւններուն հետեւողը հարց կու տայ, թէ Էրտողան կրնա՞յ գրգռութիւնները շարունակել մինչեւ առճակատում: Ըստ իր հռետորաբանութեան, ինք պատրաստ է առճակատման: Կը յայտարարէ. «… երբ հարցը կը վերաբերի կռուելու, մենք չենք վարանիր մարտիրոսներ ունենալ»:

            Թուրքիոյ դրացիները, Եւրոպան, Արեւմուտքը, արաբական աշխարհը, ծանօթ են այս մարտահրաւէրին, որ դիմակով չի յառաջանար: Ան բացորոշ կերպով նուաճողական է: Պէտք է դիտել քարտէսը: Թրքական բանակը ներկայ է Սուրիա, Իրաք, Լիպիա: Այդ երկիրներուն մէջ կը հաստատուի որպէս նուաճող կայսերական ուժ:

            Եւրոմիութիւնը անզօր եղաւ եւ չկրցաւ արգելք հանդիսանալ իր անդամին՝ Կիպրոսի՝ տարածքի 38 տոկոսի թրքական բանակին կողմէ ներխուժման եւ գրաւման: Այդ 20 Յուլիս 1974-ին էր, գրեթէ կէս դար առաջ, եւ ժամանակի անցքին հետ դարձած է սովորութիւն, այլեւս օրակարգ չէ անդամ 27 երկիրներուն համար, պարտութեան խոստովանութիւն եւ բարենիշ՝ նախայարձակին: Օրակարգ չէ նաեւ Մ․Ա․Կ․-ի համար, որուն անդամ են Կիպրոսը եւ Թուրքիան: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ «Միացեալ Ազգեր»ը, երբ Կազմակերպութիւնը չի պաշտպաներ իր անդամը:

            Քանի որ ոչ ոք հաշուետուութեան կը կանչէ Թուրքիան, ան ինքնիրեն կը թոյլատրէ ծաւալապաշտական նոր արշաւանքներ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կ’ընէին անցեալի հորդաները, որոնք ոչ ոքի հաշուետու էին, ոչ ոք զանոնք կը զսպէր: Այդ ըրաւ, կրկնելով պատմութիւնը, հայութեան դէմ, Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին, սուրիական ընդդիմութեան մոլեռանդ վարձկանները բերելով Արցախ:

            Միջազգային հանրութեան եւ քաղաքականութեան համար Արցախը շատ փոքր է: Թէեւ վերջին քանի մը օրերուն, ֆրանսական հեռատեսիլի կայաններ եւ թերթեր, լայն տեղ տուին Արցախի լեռներուն վրայ անհաւասար կռիւի մէջ պարտուած Արցախի եւ Հայաստանի, գութի եւ կրօնքի շղարշի տակ, ոչ ժողովուրդի մը իր հայրերու հողին վրայ ինքնորոշմամբ ապրելու իրաւունքին:

            Թուրքիա յարձակման ձեռնարկած է բազմաթիւ այլ ճակատներու վրայ ալ: Յունաստանի եւ Կիպրոսի ծովային սահմանները կը խախտէ, կը ցանկայ տիրանալ Թուրքիոյ ծովափին մօտ գտնուող կղզիներուն, անտեսելով միջագային համաձայնութիւնները՝ իր նաւատորմը անոնց մօտերը կը շրջի, Եւրոպայի, մասնաւորաբար Գերմանոյ եւ Ֆրանսայի թուրքերը կ’օգտագործէ իր ընտրական շահերուն եւ Եւրոպական երկիրներուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար: Այս բոլորը գաղտնիք չեն, բայց ոչ ոք կը հակազդէ:

            Միջազգային համայնքը, Ռուսերը ներառեալ, եւ Հայաստան, կը խորհէին, որ Թուրքիա զգոյշ կ’ըլլայ եւ Կովկասի մէջ զինուորական նախայարձակումներու չի դիմեր: Բայց Թուրքիա այդ լուռ արգելքը շրջանցեց, գործակցելով Ատրպէյճանի, որուն համար ըսած էր՝ «մէկ ժողովուրդ երկու պետութիւն»: Զէնքով եւ խորհրդատուներով օժանդակեց Ատրպէյճանի բանակին: Արցախը եւ Հայաստանը չէին կրնար դիմադրել: Արդիւնքը ծանօթ է:

            Թուրքիոյ ինքնակալ նախագահը, Ռեչէփ Էրտողան, պարտաւոր է տեւաբար տուրք տալ իր զանգուածի ազգայնամոլական-կրօնամոլական  աւանդական ակնկալութիւններուն, գրաւումներով եւ կրօնական զգացումները հրահրելով: Հայաստանը իրեն համար դիւրին թիրախ էր:

            Եւրոպան եւ Ամերիկան չեն հակազդեր, քաղաքական աններելի սխալ մը գործելով, երբ արդէն Կիպրոսի եւ Յունաստանի սահմանները դարձած են ռազմական գօտի: Ո՞վ պիտի բացատրէ թէ ինչպէ՞ս Ատլանտեան Ուխտի անդամ Թուրքիան կը սպառնայ նոյն Ուխտի անդամ Յունաստանի: Ատլանտեան Ուխտը Զինակցութիւն է: Ի՞նչ հասկնալ: Ինչպէ՞ս Եւրոմիութիւնը, Ատլանտեան Ուխտը, նաեւ Ամերիկան, Թուրքիոյ սանձարձակութիւններուն դէմ չեն կենար:

            Ռուսիան պարզապէս կը զարմացնէ: Թուրքիոյ համաթուրանական փառասիրութիւնը առաջին հերթին կը սպառնայ Ռուսիոյ կայսերական տարածքի ամբողջականութեան, քանի որ միտումը պարզ է. միացնել թրքացեղ եւ թրքալեզու ժողովուրդները: Վստահօրէն Ռուսիա գիտակից է սպառնալիքին, բայց կը հանդուրժէ Թուրքիոյ նուաճողական ցանկութիւնները, զինք մեկուսացնելու միտող Արեւմտեաններէն զայն հեռացնելու համար:

            Այս ճատրակի խաղին մէջ Հայաստանի համար իր տեղը գտնել դժուար էր եւ դժուար է. հարկ էր ունենալ ներքին հզօրութիւն եւ արտաքին ճակատի վրայ կէս կամ ամբողջական դաշնակիցներ: Ինչպէ՞ս մշակութային նոյն աւազանին մէջ գտնուող Վրաստանը Հայաստանի դաշնակից չէ: Ինչպէ՞ս բացատրել, առաջին հերթին, մեր անկարողութիւնը:

            Միշտ նկատի պէտք է ունենալ Էրտողանի մեծ երազը. շարունակել Մէհմեթ Ֆէթիհ սուլթանի 1453ի Կոստանդնուպոլսոյ գրաւման յաղթանակը եւ զայն իր լրումին հասցնել Եւրոպայի գրաւումով: Այդ ընելու համար այսօր ռազմավարական զէնք դարձուցած է իսլամութիւնը եւ կ’ուզէ դառնալ անոր առաջնորդը, Խալիֆան: Պոլսոյ գրաւումէն գրեթէ չորս դար ետք, 1914ին, քաղաքի բնակչութեան կէսէն աւելին քրիստոնեայ էր: Տեղի ունեցաւ քաղաքի թրքացումը, իր անունը չըսող ցեղային զտումով, épuration ethnique: Մի՛շտ՝ արեւմտեաններու մեղսակից լռութեամբ: Մարդիկ մեկնեցան, յոյնի եւ հայու բազմադարեան ժառանգութիւնը մնաց: Յոյն եւ հայ պատրիարքութիւնները կը հսկեն, կը փորձեն փրկել ինչ որ կարելի է, բայց այդ ալ՝ մինչեւ երբ:

            Թրքական իշխանութիւնները կ’ուզեն մոռցնել, ջնջել նախաօսմանական շրջանի պատմութիւնը: Թուրքիոյ տարածքին եկեղեցապատկան տարածքներ կ’իւրացուին, կը վաճառուին, անոնց շարքին՝ եկեղեցիներ:

            Ռեչէփ Էրտողան, առանց նկատի առնելու իրաւունք եւ հանրային կարծիք, կը շարունակէ իր նուաճողական քաղաքականութիւնը:

            Վաղ թէ ուշ, համաթրքական փառասիրութիւնը զինք պիտի հակադրէ Ռուսիոյ, իսկ Միջերկրականի աւազանի օսմանական նախկին տարածքները վերանուաճելու ցանկութիւնը իր դէմ պիտի հանէ Եւրոպան եւ Արեւմուտքը ընդհանրապէս:

            Գումարենք Քրտական մնայուն վտանգը:

            Փառասիրութիւններու, նուաճողական քաղաքականութեան, ազգայնամոլական եւ կրօնական մոլեռանդութեան չարաշահման հետեւանքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ:

            Եւ որովհետեւ ժամանակակից ուժերու դասաւորումը եւ անոնց հզօրութիւնը այնպէս են, որ պատերազմ մը չի մնար աշխարհագրական գօտիի մը մէջ, անխուսափելիօրէն կը դառնայ համաշխարհային:

Մեծ պատերազմ մըՀամաշխարհայի՞ն: Եւ նոր քարտէս մը:

            Եւրոպան, Ամերիկան, Ռուսիան, Արաբական Աշխարհը, Չինաստանը, Հնդկաստանը, Իրանը եւ բոլոր միւսները գիտեն վտանգը: Թէ ինչո՞ւ կը հանդուրժեն, որ փտախտը խորանայ, օր մը բացատրող կ’ըլլա՞յ:

Այդ պիտի ընեն աղէտէն առա՞ջ , թէ՞ վերջ:

Փարիզ