Հայ Դատի Հետապնդման Եւ Իրականացման Վաղուան Սասունական Ուղիները. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Դաւթի արած կտրճութիւն ամէն տեղ պատմեցին, Ասին.- Դաւիթ իր հօր ուխտ արաւ՝

Մսրայ Մելիք սպանեց,

Սասուն ազատեց:

Հայաստանի վերջին աղէտը, ոմանք կը բաւարարուին ըսելով պարտութիւնը, մեզ կը դնէ քաղաքական, ռազմավարական, սկզբունքային եւ ազգային ընտրանքներու եւ կողմնորոշումներու առջեւ:

            Փաստացի իրողութիւնը այն է, որ անմիջական ներկայի մեր յոյսերը, ակնկալութիւնները, խանդավառութիւնները խութի զարնուած են, եւ հայ քաղաքական միտքը հարկադրուած է ճշդելու եւ որդեգրելու հայոց իրաւունքին եւ համրանքի պահպանման համար նոր ուղիներ:

            Ճշդել նոր ուղին, նախ մտածել, իսկական անհաճոյակատար հաշուեկշիռ մը ընել, առանց խուսափելու անհանգստանալու եւ անհանգստացնելու փորձութենէ: Ո՞ւր մտածել, որոնց հետ: Չաւաղել, ոչ ալ բարոյական վերականգնելու համար դիմել ամբոխավարութեան, անոր յոռեգոյնին՝ իսկական նպատակէ շեղող ամբոխահաճութեան (պոպուլիզմի):

            Պատրաստուիլ, եւ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, լուսաբանել, ազգայնացնել, ներշնչելով իրաւատէրի եւ հարենատէրի համոզում, որպէսզի ան ըլլայ յանձնառու: Քաջ ինքնաքննադատութեան ընդունիլ, որ Հայաստան եւ սփիւռքներ, ազգովին, պատրաստ չէինք Խորհրդային Միութեան փլուզումը դիմագրաւելու՝ ծայրամասի մեր փոքր երկրին մէջ:

            Ճիշդ է, երեսուն տարի, անբարեացակամ շրջապատի մէջ, 30.000 ք.ք.մ. տարածութեամբ հայրենիքի բեկորը պահեցինք: Բայց երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս չյաջողեցանք ստեղծել ամէն բանէ վեր դասուելիք հայրենատիրութիւնըՉունեցանք ոչ իսկ մէկ իսկական դաշնակից տարածաշրջանին մէջ: Նոյնիսկ ճակատագրակից եւ պատմութեան նոյն բովէն անցած դրկից Վրաստանը դաշնակից չեղաւ: Իսկ Ռուսիան, Եւրոպան, Ամերիկան, Չինաստանը, Իրանը, Արաբական Աշխարհը ունին իրենց ընդհանրական եւ մեծպետական շահերը:

Հայաստանը ունեցաւ իր հողին վրայ բնակող երեք միլիոն բնակչութեան պետութիւն, չունեցաւ տասնըհինգ միլիոն հպատակ ունեցող պետութիւն դառնալու ռազմավարութիւն՝ ներառնելով սփիւռքը: Չունեցաւ ռազմավարական իսկական հեռանակար Հայաստան-Արցախը բնակեցնելու՝ տէր ըլլալու համար, եւ դառնալու արտադրող-նախաձեռնող ուժ տարածաշրջանին մէջ, չհասանք բարգաւաճման, այդ ձեւով գրաւելու համար հետաքրքրական դաշնակիցի դիրք: Պէտք չէ միայն մեղադրել հին ու նոր իշխանութիւնները, խօսիլ սակաւապետութեան (օլիգարխներ) եւ փտածութեան (կոռուպցիա) մասին: Հարցը կը վերաբերի իսկական եւ իր անուան արժանի հայրենատիրական քաղաքականութեան, որ չունեցանք, զանգուածն ալ անոր պահանջը չզգաց եւ գլխով-ոտքով նետուեցաւ համաշխարհայնացման, տիեզերական քաղաքականութեան եւ արագ ու անաշխատ հարստացման թոհուբոհի մէջ, ուր  փոքր ազգերուն տեղ չկայ: Ունեցանք, ունինք մեծ պատմաբաններ, բայց մենք չառաջնորդուեցանք պատմութենէն ստացուելիք իմաստութեամբ: Ունեցած ենք թագաւորութիւններ, անոնց անկումը վերագրելով արտաքին ուժերու՝ չքմեղացանք:

            Հակառակ ամէն կարգի դժուարութիւններու, արդէն երեսուն տարիէ ի վեր կը պահուի Հայաստան պետութիւնը: Այս դրական է:

Տասնըհինգ միլիոնի պետութիւն ստեղծելու առաջադրանքին պէտք է ընկերացնել դիւանագիտութիւնը, որ երբեք սիրողական (ամաթէօրիզմ) չէ եղած, պէտք չէ ըլլայ: Վերանկախացած Հայաստանը չօգտուեցաւ խորհրդային շրջանին կազմաւորուած դիւանագիտական ուժերէն: Պատմաբաններ, լրագրողներ, մտաւորականներ, այլապէս յարգելի, այս փոխանցման շրջանին համար չունէին բաւարար պատրաստութիւն, հայրենասիրականէ, զգացականէն եւ տիտղոսներէն անդին անցնող քաղաքական կրկէսին մէջ ապրելու համար:

            Քաղաքական ինքնահաստատման կամք չունեցանք, անհրաժեշտ՝ համագոր-ծակցելու, զիրար լսելու առաքինութիւն, հռոմէական իմաստով, այսինքն՝ հոգեկան ուժ:

            Այսօր, քաղաքական-ռազմական իրադրութիւնը ի՞նչ պէտք է թելադրէ:

            Այս մասին պէտք է մտածեն իշխանութիւնները, ընդդիմութիւնը, բազմատասնեակ կուսակցութիւնները: Երկիր եւ անկախութիւն պահելու համար, տարրական ողջմտութիւնը կը թելադրէ մէկ հիմնական նպատակ. վերականգնել համայն հայոց հայրենիքը՝ հայրենատիրական յանձնառութեամբ, առանց հեռուի եւ մօտի, հրէի եւ հեթանոսի տարբերակումներու: Ի հարկէ առանց երազատեսութեան, բայց մերժելով պարտուածի ընկճուածութիւնը:

            Եթէ ազգովին, ներսը եւ դուրսը, մտածենք եւ գործենք ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի փառասիրութեամբ (ընչաքաղցութեամբ), այլ՝ յաւելեալ պարտքի, մասնակցութեան, յանձնառութեան, մենք մեր մէջ եւ մեր հնարաւորութիւններուն մէջ կը գտնենք վերականգնումի եւ իրաւունք հետապնդելու ուժը, փոխանակ այսպէս կոչուած բարեկամներու վրայ դնելու մեր յոյսը: Այս պէտք է ըլլայ առանցքը հայ քաղաքական միտքին:

            Այս ներքին եւ հոգեբանական յեղափոխութիւնը եթէ այսօր չիրականացնենք, վաղը ուշ պիտի ըլլայ: Առաջին հերթին մենք մեղանչած պիտի ըլլանք ազգին եւ հայրենիքին դէմ: Պիտի մնանք պատմութեան սպասման քարափին:

Ղեկավարութիւնները այս ըմբնումով պէտք է դատել եւ ըստ այնմ անոնց վստահութիւն յայտնել:

            Երեսուն տարիէ ի վեր ազգի աւելի քան տասը միլիոնը սահմանափակեցին բարեսէրի դերին մէջ եւ ան ալ համաձայն եղաւ: Այս տասը միլիոնին համար բարեսիրութիւնը դարձաւ խիղճի հանդարտեցման դեղահատ:

            Հիմա ժամանակն է, վերջին պատեհութիւնը, մէկ ազգ մէկ հայրենիք, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւն քնաբեր հռետորաբանութիւնը ցնցնելու, ելեկտրոշոկի ենթարկելու, ըմբռնումներուն եւ յարաբերութիւններուն տալով հեռանկարային ազգային որակ:

            Եթէ այս ներազգային յեղափոխութիւնը այսօր չընենք, ապագային պիտի շարունակենք կրկին զուարճանալ երգիչ հրաւիրելով, վանքերը նկարող զբօսաշրջութեամբ եւ տարին անգամ մը Ծիծեռնակաբերդ ուխտի երթալով: Եթէ այդ ուխտագնացութենէն հրաժարիլ ալ չդառնայ դիւանագիտական ճապկում:

            Բայց նախ պէտք է վարժուինք քաջաբար մէկս միւսին ըսելու՝ թէ «թշնամի չես», «դուն ալ իրաւունք ունիս»:

Ինչո՞ւ իմաստութեամբ հաւաքաբար իրաւունք պիտի չունենանք, բարձրաձայնելով՝ որ ազգը իրաւունք ունի:

            Այս ըսող Ձէնով Օհանի պէս մունետիկ կը փնտռուի:

            Կը փնտռուի լսող ժողովուրդ, ներսը եւ դուրսը, որ ըլլայ պատուանդան:

            Եւ մոլորակի հեռու եւ մօտ վայրերէն կու գան հայաշխարհներու Սասունցի նոր Դաւիթները:

            Մեր քաղաքականութիւնն ալ Դաւիթ կ’ուզէ: Ինչպէս տը Կոլը, Մանտելան եւ Չըրչիլը: Կամ մտրակ շաչեցնող Նազովրեցի, որ յանձն առնէ ի հարկին խաչուիլ…

            Բայց մենք անատակ դարձած ենք լսելու վաւերական մտաւո-րականը, ակադեմիկոսը, «դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան» (Հռոմի սրբազան քահանայապետ) գերութեան յանձնուածներ, ներսը եւ դուրսը, Դաւիթի, տը Կոլի, Մանտելայի կամ Չըրչիլի գդակ դրած ճարպիկորդի թաղային փուճ հեղինակութիւնները, երեւելիապաշտներ, ամբոխավարներ, հացապաշտներ, դատարակաբաններ: Եթէ միայն հայելիին առջեւ կանգնելու պարկեշտութիւնը ունեայինք:

            Կը կասեցնե՞նք ԱԶԳի հոգեկան, կրպակային, սնափառական գահավէժ ընթացքը, որպէսզի պարտուած չմնանք:

            Այս յօդուածին վերջակէտը դրած էի արդէն, երբ այսօր, Հայաստանի «Առաւօտ» թերթին մէջ կարդացի Ռուբէն Անգալադեանի յօդուածը, որմէ կատարուած մէջբերում մը կը կցեմ, որ նպաստ կ’ըլլայ մեր քաղաքական միտքի դրուածքի վերանայումներուն:

            Ռուբէն Անգալադեան կ’ըսէ.

«Հայերը քաղաքական պատմութիւն գրել սկսեցին սովորելով ոչ թէ հռոմէացիներիցայլ յոյներիցորոնց մօտ այն գրականութիւն էրԱյստեղից էլ համայն հայութեան մեր գլխաւոր դաստիարակը՝ «Հայ ժողովրդի պատմութիւնը», որը գրուած է որպէս գեղարուեստական գրականութիւնեւ ոչ որպէս քաղաքական վերլուծութիւնԴարեր շարունակ ժողովուրդը ընտելացաւ իրադարձութիւնների քաղաքական եւ ռազմական վերլուծութեան բացակայութեանըորոնք յանգեցրին ժողովրդին ձեւաւորող գլխաւոր ուժի կորստինՄենք խօսում ենք տարածքի մասինքանի որ Հայրենիքը նախեւառաջ տարածք էազգի դաստիարակ եւ ազգի յիշողութեան պահապան»: