Պարտութիւնը Յաղթանակի Վերածելու Համար (Վարդանանց Օրուան Առիթով). «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Այս տարուան Վարդանանց նշումները աւելի քան այժմէական խորհուրդ կը ներառեն: Վարդանանցի բարոյական յաղթանակի իմաստը ժողովուրդի բարոյահոգեբանական իրավիճակին, դաւանած կրօնական-ազգային արժէքաբանութեան եւ համազգային սկզբունքներէ անզիջողական կեցուածքին կը վերաբերին շեշտակիօրէն:

Հակառակ պարտութեան, բազմաթիւ զոհերուն, պարսկական տիրապետութեան, անիկա ժողովուրդի հաւատքի անսասանութեան կը վերաբերէր: Հիմնական առանցքը` ռազմաքաղաքական-կրօնական ղեկավարութիւն-ժողովուրդ մէկ ամբողջութիւն դարձած գոյաբանական երեւոյթն էր: Նոյնիսկ պատումնային  բաժինին մէջ կայ կարեւոր ազգային խորհուրդ` դասալքութիւնը ժողովրդային մակարդակով մերժելու եւ ամբողջովին մերուելու` ազգային եւ կրօնական սկզբունքներէն ոչ մէկ զիջում կատարող ռազմաքաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութեան հետ:

Վարդանանց երեւոյթը բանաձեւն է հայոց եկեղեցի-զինեալ ուժեր-պետութիւն անքակտելի միասնականութեան, որ պարտութիւնն անգամ կը վերածէր հաւատքի եւ ազգային արժէքներու պահպանման յաղթանակի. իսկ ռազմարուեստի առումով դասեր կը քաղէր, անցնելով փարթիզանական կռուելաձեւի: Ազգ-բանակի այդ օրերու տարբերակն էր, որ կ՛առարկայանար Աւարայրի դաշտին վրայ:

Ամէնէն ուսանելին այն  էր, որ երբ ամուր էր արժեհամակարգը, հակառակ պարտութեան կը շարունակէր գոյատեւել ներքին սկզբունքային ամրակայութիւնը: Յազկերտի ռազմական յաղթանակը չէր կրցած հարուածել համազգային արժեհամակարգը:

Այլապէս պարսկականացման քաղաքականութիւնը կրնայ շրջել նաեւ տարածաշրջանի քաղաքակրթական դիմագիծը թէ՛ կրօնական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ լեզուական առումներով: Ո՛չ հուրը, ո՛չ սուրը, ո՛չ բռնամիջոցը պիտի յաջողէր հրաժարիլ տալ հայ ժողովուրդը իր հաւատքէն, ինչպէս պիտի յայտարարէր օրուան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Արժէքները պիտի մնային անհպելի:

Խոր ուսումնասիրութիւն եւ փորձագիտական քննարկում կ՛ենթադրեն հաւանաբար այս սկզբունքայնութեան յարատեւումի պատճառականութիւնը բանաձեւելը` հայոց պատմութեան մէջ Աւարայրէն Սարդարապատ եւ Սարդարապատէն Արցախ: Իմանալու համար գաղտնիքը ազգ- եկեղեցի- պետութիւն եռամիասնական անքակտելի գոյաբանութեան:

Այս եռամիասնութիւնն է հաւանաբար, որ կրցած է ճակատագրական ամէն հարուածէ ետք հաւաքական ողնաշարը վերստին շտկել եւ անցնիլ առաջ: Վարդանանցի յաջորդած Վահանեանցը կռուելաձեւի հիմնական փոփոխութեամբ յանգեցաւ Նուարսակի դաշնագիրին եւ պարտադրեց արժանապատիւ խաղաղութիւն: Նուարսակը յանձնուողականութեան եւ պարտուողականութեան դաշնագիր չէր: Հակառակորդին կը պարտադրէր հաշուի նստիլ հայկական կողմի պահանջներուն հետ:

Աւելի՛ն. այս ներքին եռամիասնութեան շնորհիւ Հայաստանը կը յաջողէր ապաշրջափակուած մնալ եւ իր արտաքին փոխլրացուցիչ քաղաքականութեամբ հաւասարակշռութիւն պահել տարածաշրջանի գերուժերուն միջեւ:

Պայմանական մեկնարկը այս բոլորին, հակառակ Աւարայրի ռազմական պարտութեան, երեք հաստատութիւններուն նկատմամբ անվերապահ զօրակցութիւնն էր, եկեղեցական, ազգային եւ պետական արժէքներու գերադասումն ու անոնց նկատմամբ որեւէ հարուածի փորձ կանխարգիլելու հաւաքական կամքն ու այդ ուղղութեամբ գործնական դրսեւորումները:

Կը յաջողի՞նք 44-օրեայ պատերազմէն եւ յանձնուողական յայտարարութենէն ետք առաջադրուած համազգային կամքը դրսեւորել եւ մեր ազգի ողնաշարը շտկել: Յաջողելու համար պէտք է վերականգնել եռամիասնական արժեհամակարգը:

Պատմական այդ արժեհամակարգին վերականգնումով պայմանաւորուած է կարգաւորման եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնութեան կնքումը: Մեր նոր Նուարսակը: