Հաստատուեցաւ «Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Արուեստի Ֆոնտ»-ը. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

2009 թուականին հիմնուեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը` հովանաւորութեամբ եւ բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն: Անցնող 11 տարիներուն ցուցասրահը ծաւալեց մշակութային գործունէութիւն` դառնալով արուեստի հարազատ օճախ մը լիբանանահայ, հայրենի եւ արտասահմանի հայ արուեստագէտներուն համար: Ցուցասրահը հիւրընկալեց նաեւ արաբ եւ օտար մեծ թիւով արուեստագէտներ: Ցուցասրահը դարձաւ նաեւ երիտասարդ տաղանդներ քաջալերող կառոյց մը, ինչպէս նաեւ գրական ու մշակութային հանդիպումներու գեղեցիկ միջավայր մը:

Ցուցասրահի երթին մէջ, անկախ իր կատարած բարերարութենէն, մեծ է դերը Լիւսի Թիւթիւնճեանին, որ ամէնօրեայ դրութեամբ հետեւեցաւ անոր գործունէութեան, սատարեց անոր ծրագիրներու յաջողութեան, ինչպէս նաեւ հպարտացաւ անոր նուաճումներով եւ յաջողութիւններով:

Ահաւասի՛կ ան անակնկալօրէն մեկնեցաւ` իր ետին ձգելով մեծ վաստակ եւ մշակութային հարուստ ժառանգութիւն մը: Լիւսի Թիւթիւնճեանի յիշատակը պիտի մնայ անմար, ցուցասրահը պիտի շարունակէ իր երթը եւ` հաւատարիմ իր հիմնադիրի համոզումներուն ու ըմբռնումներուն, պիտի շարունակէ մշակոյթի ջահը անմար պահել հայկական կեանքին մէջ:

Այս առիթով Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին ընտանիքը, խորհրդակցաբար Թիւթիւնճեան ընտանիքի հարազատներուն հետ, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կից հաստատեց ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՖՈՆՏ-ը:

Ֆոնտին հիմնական նպատակն է քաջալերել նորահաս սերունդը` խորանալու հայ կերպարուեստի բնագաւառին մէջ եւ զարգացնելու ու հարստացնելու մեր մշակութային գանձարանը:

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք փոխանցել ֆոնտի հետեւեալ դրամատնային հաշիւին.

Hamazkayin Comite Culturel Armenien
Bank Audi SAL
Acc Number: 260231 461002 019 48
Iban: LB55 0056 0000 0000 0026 0231 0048
Acc# 260231 461002 019 48
Swift code: AUDBLBBX

եւ կամ անձամբ ներկայանալ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ:

Հեռ. 01-241263
Ե-նամակ` artgallery@hamazkayin.com

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ»
ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ