Վալատաօ Կը Ստանձնէ ԱՄՆ Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումի Համաատենապետի Պաշտօնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրեզնոյէն քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաօ ստանձնած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետի պաշտօնը, քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի կողքին։

Վալատաօ ծանօթ է հայանպաստ եւ յատկապէս Արցախի ի նպաստ իր քայլերով ու կարեւոր դեր խաղացած է Արցախը ականազերծելու ծրագիրներուն մէջ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան նաեւ կը յիշեցնէ, թէ նոր Ներկայացուցիչներու տան մէջ Վալատաօ ընտրուած է ազդեցիկ Յատկացումներու յանձնախումբի ատենապետ, յոյս յայտնելով, որ այդ մէկը կը նպաստէ Հայաստանին եւ Արցախին դաշնակցային յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու ջանքերուն։