Պուրսայի Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Եւս Վաճառքի Հանուած է

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ մշակութային կոթողներու վաճառքի կամ զանոնք ախոռի վերածելու քաղաքականութիւնն ու գործունէութիւնը:

«Ակօս»-ի տեղեկութիւններով՝ նախորդ շաբաթ թրքական առեւտրային կայքերէն մէկուն մէջ Պուրսա քաղաքի Սեբթաշը թաղամասին մէջ գտնուող հայկական կաթոլիկ եկեղեցին 6 միլիոն թրքական լիրայով վաճառքի հանուելէն ետք՝ նախօրէին «Sahibiden.com» կայքին մէջ վաճառքի հանուած է Պուրսայի միւս հայկական եկեղեցին։ Վերջին եկեղեցւոյ համար յայտարարութիւն տեղադրող անձը վաճառքի համար սահմանած է 6,300,000 թրքական լիրա։

Յայտարարութեան մէջ, ուր մանրամասներ չկան եկեղեցւոյ անուան եւ վայրին մասին, կը նշուի, որ պատմական եկեղեցին կրնայ ծառայել իբրեւ մշակոյթի-արուեստի կեդրոն, թանգարան կամ հիւրանոց։

«Վաճառքի հանուած է Պուրսայի շրջանին մէջ գտնուող եւ մասնաւոր սեփականութեան կարգավիճակ ունեցող պատմական եկեղեցին։ Եկեղեցին, որ կառուցուած է այստեղ ապրող հայերուն համար, փոխանակութենէ (1923թ․ յոյն-թրքական բնակչութեան փոխանակութիւն) ետք բնակիչներու հեռանալուն պատճառով անցած է մասնաւոր սեփականութեան եւ 1923թ․ ի վեր որոշ ժամանակ շահագործուած է իբրեւ ծխախոտի պահեստ, այնուհետեւ կարի գործարան»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Նշենք, որ մինչեւ 1915թ. Պուրսայի եւ յարակից շրջաններուն մէջ եղած է 17 հայկական եկեղեցի (Սբ. Աստուածածին, Սբ. Հրեշտակապետ, Սբ. Սարգիս, Սբ. Թադէոս Բարդուղիմէոս, Սբ. Յակոբ, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սբ. Կարապետ եւ այլն):

Պուրսայի հայկական եկեղեցւոյ վաճառքին գծով ահազանգած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, գրելով,- «Պուրսայի մէջ հայկական եկեղեցի մը եւս վաճառքի հանուած է։ Աղօթատեղին կը վաճառե՞ն։ Հասարակութիւնն ու պետութիւնը ինչպէ՞ս կ՝արտօնեն ասիկա։ Ամօ՛թ»։