Համազգայինի Համացանցային Հարթակի Հ-Բեմի Գործունէութեան Ամփոփ Տարբերակ. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

2020 տարին արտակարգ տարի մը եղաւ իր բազում մարտահրաւէրներով, որոնք նոր իրավիճակ մը ստեղծելով ունեցան անկանխատեսելի հետեւանքներ:

Ամբողջ աշխարհը այս տարի ստիպուեցաւ վերատեսութեան ենթարկել իր ծրագիրները, վերադասաւորել իր առաջնահերթութիւնները, տնտեսել իր ծախսերը եւ խնայողութեամբ օգտագործել իր աղբիւրները:

Պսակաժահրի համավարակին պատճառով ո՛չ միայն փոփոխութիւն կրեց մեր կենցաղն ու տուժեցին մարդկային յարաբերութիւնները, այլեւ ծանր հարուած ստացաւ միջազգային տնտեսութիւնը: Իսկ մեր պարագային կացութիւնը ա՛լ աւելի բարդ էր, նախքան համավարակն իսկ արդէն վատթարացած Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական, քաղաքական ու ապահովական հարցերով, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան աշխարհը ցնցած Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումով:

Իրերայաջորդ այս ցնցումներու մարդկային, նիւթական ու հոգեբարոյական վնասներէն ու ժխտական ազդեցութիւններէն անմասն չմնաց նաեւ Համազգայինը: Տնտեսական տագնապի առաջին օրէն, զգալի նուազում կրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եկամուտը. վարչութիւնը ստիպուեցաւ վերադասաւորել իր պիւտճէն: Իսկ իր հիմնական կառոյցներու գոյատեւումը ապահովելու համար կազմակերպեց դրամահաւաքներ, որոնք միայն մասամբ յաջողեցան թեթեւցնել Համազգայինի նիւթական բեռը, երբ վրայ հասաւ մերօրեայ արցախեան պատերազմը, որ ցաւալի նոր իրականութիւն պարտադրելով, մեր բոլորին նիւթական կարողականութիւնը դէպի հայրենիք, հայոց բանակ եւ ժողովուրդ ուղղելու նոր հրամայականի դէմ յանդիման դրաւ հայութիւնը:

Վերոնշեալ պայմաններուն մէջ, մեր աշխատանքներու շարունակութեան համար ակնկալուած անհրաժեշտ աղբիւրները կարելի չեղաւ ապահովել. հետեւաբար կրճատումները դարձան անխուսափելի եւ անմիջականօրէն գործադրելի:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ստիպուեցաւ կրճատել իր ամէնէն արդիական ծրագիրներէն նկատուող եւ սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայկական ինքնութիւնը ամրապնդող նախաձեռնութիւնը` համացանցային հարթակի Հ-Բեմի գործունէութիւնը, որ մօտ երկու տասնեակ ամիսներէ ի վեր կրցած էր ինքնուրոյն ներկայութիւն ըլլալ անգլիախօս երիտասարդութեան մօտ:

Առ այդ, հարթակի սիրելի բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ Համազգայինի համացանցային հարթակի Հ-Բեմի գործունէութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար, ներկայիս որդեգրուած է աւելի ամփոփ տարբերակ մը: Յուսալով, որ այս աշխատանքներու կրճատումը ունենայ ժամանակաւոր բնոյթ: Մինչ այդ կարելի է միշտ այցելել մշակութային հարուստ բովանդակութեամբ Հ-Բեմի կայքը կամ հետեւիլ անոր ընկերային ցանցերուն:

Website: www.h-pem.com

Instagram: @hpemonline

Facebook: facebook.com/hpemonline

Twitter: @hpemonline

LinkedIn: https://www.linkedin.com/company/h-pem/

YouTube: https://www.youtube.com/watch?v=9BZ9uWCg8TU

Donate to h-pem: https://donorbox.org/h-pem

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 12 դեկտեմբեր 2020