Փաշինեանի Գոյութեան Անտանելի Թեթեւութիւնը. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Մեր խորագիրը ներշնչում առած է չեխ հռչակաւոր վիպագիր Միլան Քունտերայի «The Unbearable Lightness of Being» («Գոյութեան անտանելի թեթեւութիւնը») գործէն, որուն բառերը ամբողջական հարազատութեամբ կ’արտացոլացնեն Հայաստանի ներկայ օրերու իրավիճակին։

1984-ին գրուած՝ Քունտերայի նորավէպին կիզակէտը Փրակայի 1968-ի դէպքերն են, որոնք աւելի ծանօթ են «Փրակայի Գարունը» անունով, եւ վերջ գտան արիւնահեղութեամբ՝ այդ օրերուն Խորհրդային բանակի միջամտութեամբ։

Քունտերա, իւրայատուկ սրամտութեամբ, տիպարներ ստեղծած է, մասնաւորաբար տարբեր ակնոցով կը դիտէ եւ կը քննադատէ գերմանացի փիլիսոփայ Ֆրիտրիխ Նիցչէի գաղափարախօսութիւնը, յաւերժականութեան հայեցակարգի խորիմաստ ծանրութիւնն ու անիմաստ թեթեւութիւնը համեմատելով եւ տիպարներ ստեղծելով։

Այս գիրքին հրատարակութենէն հինգ տարի ետք, Նոյեմբեր – Դեկտեմբեր 1989-ին Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ այլ տեսակի «թաւշեայ յեղափոխութիւն» մը, այսինքն իշխանափոխութիւն եւ համակարգի փոփոխութիւն՝ Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն, առանց արիւնահեղութեան, այլ հետեւողական խաղաղ ցոյցերէ ետք։

Այդ անունն էր, որ օգտագործուեցաւ Երեւանի մէջ, Ապրիլ-Մայիս 2018-ի ցոյցերէն ետք։ Պատահեցան բերման արարքներ, խոշտանգումներ եւ ձերբակալութիւններ, սակայն Մարտ 1, 2008-ի արիւնալի դէպքերը չպատահեցան. երկրին այդ օրուան ղեկավարը՝ Սերժ Սարգսեան, անվերադարձ հեռացաւ բեմահարթակէն՝ կացութիւն փրկելով։

Այսօր, իրադրութիւնները այնպէս մը փոխուած են, որ յեղաշրջողը կը գտնուի յեղաշրջուողի կացութեան  մէջ։  Եւ ներքին ապահովութեան միեւնոյն ոստիկանները, որոնք մերժած էին բիրտ միջոցներ կիրարկել, այսօր նոյն կացութեան մէջն են։ Հրահանգէն բան չէ փոխուած, հրահանգողն է որ փոխուած է։

Կառչած մնալով աթոռին, իր հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը կորսնցուցած վարչապետը յայտնապէս գերիրական եւ երեւակայական աշխարհի մը մէջ է. «ֆէյսպուք»-եան, «Ինսթակրամ»-եան եւ «թուիթըր»-եան բնագաւառին մէջ խօսքեր, արտայայտութիւններ, մատնաշումներ, նկարներ, «սելֆի»-ներ յայտնաբերելով՝ կը շարունակէ կառչած մնալ իր պաշտօնին, առանց ըմբռնելու, թէ ի՞նչ կը պատահի Երեւանի ճամբաներուն վրայ, սահմանամերձ գիւղերու, Արցախի եւ դեռ աւելի հեռու՝ Պաքուի մէջ. պատերազմի դաշտերուն ինկած հերոսներու դիկակներ եւ գերիներ ցարդ կը մնան անգտանելի։ Բնականաբար կ’ուրախանանք, լսելով որ մատի վրայ հաշուըուող գերիներ վերադարձած են, սակայն Ատրպէյճան այս ողբերգութիւնը եւս վերածած է քաղաքական խաղաքարտի:

Վարչապետը եւ շուրջինները չեն տեսներ, թէ դանակը ո՛չ միայն ոսկորին հասած է, այլ սկսած է անդամահատել մարմինը:

Քունտերա իր յիշեալ վէպին մէջ կը գրէ․ «Մարդը, որ կը փափաքի լքել իր բնակութեան վայրը, դժբախտ մարդ է»։

Այո՛, անկասկած որ դժբախտ են այդ արցախցիները, որոնք ստիպողաբար լքած են իրենց պապենական հողերը, իբրեւ հետեւանք՝ մութ հաշիւներու եւ «անպաճոյճ» քաղաքականութեան։ Պարագան իւրայատուկ է վարչապետ Փաշինեանի դիրքերէն:  Ան, հեռանայ պաշտօնէն թէ մնայ  վարչապետարանին «վարձակալը», պիտի նկատուի Հայոց Պատմութեան նորագոյն դժբախտութիւնը։

Հետեւելով Քունտերայի մէկ այլ մտածումին, արձանագրենք (քիչ մը ամփոփելով). հաւանաբար վարչապետ Փաշինեանի նպատակը «աւելի բարձր բան է», պէտք է սպասէ, որ օր մը տառապի գլխապտոյտով մը․ գլխապտոյտը մեր ներքեւը տարածուող պարապութեան ձայնն է, որուն դէմ, սարսափահար դարձած, մենք մեզ կը պաշտպանենք:

Կայ աւելին. երբ ուժեղը շատ թոյլ է տկարին վնասելու համար, տկարը պէտք է այնքա՛ն ուժեղ ըլլայ, որ հեռանայ։

Արուեստագէտներ, քաղաքագէտներ, դասախօսներ, դիւանագէտներ, մինչեւ իսկ Հ․Հ․ այժմու նախագահն ու նախորդները, ժողովուրդէն ստուար թիւ մը, շրջաններու պատասխանատուներ եւ վերջապէս՝ երկու կաթողիկոսները կը յորդորեն, որ վարչապետը  իր աթոռէն հրաժարի կարելի փութկոտութեամբ, վերջ տալու համար իր անտանելի թեթեւութեան, պարտուած ծանրութեան,  նաեւ իր… սնանկ ինքնապաշտպանողականին։

Related