ՀՅԴ «Նիկոլ ԱղբալԵան» Ուսանողական Միութեան Խումբ Մը Անդամներ Հաւկիթներով եւ Կոչերով Դիմաւորեցին Կառավարութիւն Մուտք Գործող Նիկոլ Փաշինեանը (տեսանիւթ)

Հայաստան

Այսօր առաւօտեան ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան խումբ մը անդամներ հաւկիթներով եւ կոչերով դիմաւորեցին կառավարութիւն մուտք գործող Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս մասին կը կարդանք ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան Facebook-ի էջին վրայ։

«Ազրպէյճանի ժողովուրդի շահերու սպասարկու Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է լաւ գիտնայ, որ մենք զինք պիտի հետապնդենք ցանկացած քայլափոխի եւ յիշեցնենք իր դաւաճան էութեան մասին։ Մեր ընկերներու եւ հայրենակիցներու արիւնով ձեռք բերածը գրիչով վաճառողը տեղ չունի մեր հայրենիքին մէջ։

Մեզի ու մեր ընկերներուն նոյնիսկ թուրքի հրետանիի արկերն ու գնդակները չեն կանգնեցուցած, ուր մնաց՝ քու ինքնաշարժներուդ շարասիւնով ժողովուրդին վրայ զէնք պարզած մանկլաւիկները կանգնեցնեն։

Դաւաճա՛ն, հեռացի՛ր։

Բոլորս ժամը 11:00-ին կառավարութեան դիմաց։ Կը շարունակենք դաւաճանի հեռացման գործընթացը»,- ըսուած է գրառման մէջ։