
Ծառայել Բացառապէս Օրէնքին եւ Ժողովուրդին. Ոստիկանութեան Հրամանատարը Կոչ Ըրած Է Չկատարել Իշխանութեան Հրամանները
ՀՀ Ոստիկանութեան հրամանատար Սերգէյ Ղարիբեան զեկուցագիր ներկայացուցած է ոստիկանութեան ծառայութենէն հրաժարելու իշխանութիւններու ապօրինի հրամանները չկատարելու մասին: Այդ առիթով ան գրած է.
«Իրաւապահ համակարգի ծառայակից ընկերնե՛ր, տիկնայք եւ պարոնայք, գիտակցելով պահի լրջութիւնն ու հաշուի առնելով, որ մեր պետութիւնը լինելիութեան շեմին է, եւ այն, որ մենք կոչուած ենք սրբօրէն ծառայելու պետութեան պահպանութեան՝ որոշում կայացուցած եմ՝ այլեւս չեմ կրնար շարունակել ծառայութիւնս՝ (Զեկուցագիր ներկայացուցած եմ ոստիկանութեան) հակառակելով տուածս սպայական երդման ու դէմ ըլլալով իբրեւ մարդ – մասնագէտ սկզբունքներուս։
Կոչ կ՝ընեմ իւրաքանչիւրիդ, ով որ հաւատարմութեան երդում տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ծառայել բացառապէս Օրէնքին եւ Ժողովուրդին:
Եղէ՛ք զգօն, եղէ՛ք ժողովուրդի կողքին, եղէ՛ք մարդ, եղէ՛ք արժանապատիւ քաղաքացի ու պարզապէս մասնագէտ՝ պաշտպան ըլլալով միայն մեր ժողովուրդի ու պետութեան շահերուն: Քաջատեղեակ ենք՝ ապօրինի հրամանը կատարման ենթակայ չէ՛, առաւել եւս նման իրավիճակի մէջ ոչ մէկ ապօրինի հրաման չի կրնար կատարուիլ մեր կողմէն՝ մեզի հակադրելով մեր իսկ ժողովուրդին։ Այս է մեր երդման էութիւնը, ոգին եւ բովանդակութիւնը, որմէ ամէն շեղում ոչ միայն ապտակ է մեր սպայական արժանապատւութեան, այյեւ անարգանք է՝ ուղղուած մեր մարդկային բարոյականութեան, քամահրանք՝ յանուն ազատութեան կռուին մէջ ինկած մեր բիւրաւոր հերոս Տղոց յիշատակին։
Յորդո՜րս, խնդրա՜նքս, Տղա՜ք, պատուար ըլլանք անկախութեան, յատկապէս այսօր երաշխաւորենք մեր երեխաներու ապահով ու անվտանգ գալիքը, չզոհենք անոնց ժպիտները՝ յանուն անձնական շահերու եւ չկորսնցնենք մեր երկիրը պատեհապաշտ արկածախնդրութիւններու պատճառով։ Մեզի կը հաւատա՛ն մեր քաղաքացիները, մեզի կը հաւատա՛յ մեր պետութիւնը. չսասանենք այդ հաւատը, չդառնալով ծառայ՝ ծառայենք յանունի՜ համար …»: