Արցախէն Տեղահանուած Աշակերտներուն Համար Առցանց Դասաւանդութեան «Հայ Հոփս» Ծրագիրը

Հայաստան, Սփիւռք

Նախաձեռնութեամբ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Կրեկ Գրիգորեանի եւ համագործակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ գոծող շարք մը կազմակերպութիւններու՝ յառաջիկայ 11 Յունուարէն սկսեալ, վեցշաբաթեայ առցանց դասաւանդութիւններ տեղի պիտի ունենան՝ Արցախի պատերազմին պատճառով տեղահանուած եւ Հայաստան գտնուող աշակերտներուն համար։

«Հայ Հոփս» կոչուող ծրագիրը առիթ պիտի ընծայէ  Միացեալ Նահանգներէն դասատուներու՝ հեռահաս դասաւադութիւններ կատարելու նշեալ աշակերտներուն համար։

Առաջին դասաւանդութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սիւնիքի մէջ եւ յատկացուած պիտի ըլլայ 6էն 12րդ դասարաններու աշակերներուն, որոնք համաճարակին պարտադրած հեռաւորութիւն պահպանելու պայմանները յարգելով՝ պիտի հաւաքուին փոքր խումբերով, համակարգիչներով եւ անհչաժեշտ այլ արհեստագիտութիւններով օժտուած դասրաններու մէջ։

«Հայ Հոփս» կոչուող ծրագիրին մաս կը կազմեն ուսուցիչներ, դասախօսներ, կրթական եւ արհեստագիտութեան մարզերէն մասնագէտներ։

Ծրագիրին կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրել փափաքողները կրնան դիմել info@hyehopes.org հասցէին։