Նիսի Մէջ Դանակով Յարձակած են Եկեղեցւոյ Մօտ Գտնուողներու Վրայ, Երեք Զոհերէն Մէկը Գլխատուած է

Աշխարհ

Ֆրանսայի Նիս քաղաքի կեդրոնը՝ Նոթր Տամի մօտակայքը, դանակով զինուած մարդը յարձակած է այնտեղ գտնուողներուն վրայ, կայ երեք զոհ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած են միջազգային լրատուամիջոցները։

Reuters-ի տեղեկութիւններով յարձակողը գլխատած է կին մը։

Յարձակումը արդէն կը գնահատուի իբրեւ ահաբեկչութիւն։

Նիսի քաղաքապետ Քրիստիան Էսդրոզին Twitter-ի իր էջով յայտնած է, որ յարձակում գործած անձը ձերբակալուած է:

Ներքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ տեղի ունեցածին առնչութեամբ ստեղծուած է ճգնաժամային շտաբ:

Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ու վարչապետ Ժան Գասդեքսը եւս շտապած են դէպքի վայր:

Յարձակման հետաքննութեան միացած է դատախազութեան ահաբեկչութեան հարցերով վարչութիւնը:

Պատահարը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի ժամանակով ատաւօտեան 9-ին: Զոհերէն բացի, կան նաեւ վիրաւորներ: Յարձակում գործածը եւս վիրաւոր է: