Ազրպէյճանի ԶՈՒ-ն Կորնսցուցած Է Իր Ահռելի Քանակական Եւ Արհեստագիտական Առաւելութիւնը. Ա. Յովհաննիսեան

Հայաստան

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին ընթացքին ազրպէյճանական բանակը, անոր աջակցող թրքական եւ ահաբեկչական ուժերը կորսնցուցած են իրենց հսկայական քանակական եւ արհեստագիտական առաւելութիւնը:

Հոկտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Պատերազմը իր բնոյթը որոշ չափով փոխած է: Մեր զինուած ուժերը կը վարեն բարդ մարտեր լեռներու, անտառներու, կիրճերու մէջ: Այսօր ոչնչացուած են քանի մը ներթափանցող խումբեր, քանի մը հատը փախուստի մատնուած են` ձգելով որոշակի ռազմամթերք, բայց այս պատերազմը իր բնոյթով որոշ բարդութիւն ունի: Հակառակորդը այլեւս կորնսցուցած է իր ահռելի քանակական առաւելութիւնը, իր արհեստագիտական առաւելութիւնը: Պատերազմը չի զարգանար նոյն կշռոյթով»,- շեշտեց Յովհաննիսեան:

Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ Հոկտեմբեր 27-ի առաւօտեան ազրպէյճանական զինուած ուժերը դարձեալ շարունակեցին յարձակողական գործողութիւններ իրականացնել զանազան ուղղութիւններով, նոյն ժամանակ քանի մը բնակավայրերու խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ կիրարկուեցաւ հրետանի:

«Մարտական գործողութիւններ եղած են հիւսիսային ուղղութեամբ` համեմատաբար աւելի թեթեւ լարուածութեան, նոյն ժամանակ այս գիւղերու ուղղութեամբ (նշուած՝ քարտէսին վրայ-Խմբ.) ներթափանցած խումբերուն դէմ պայքարը կը շարունակուի: Հարաւային ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուած ուժերու յառաջխաղացումը այս պահուն ունի հետեւեալ տեսքը (նշուած՝ քարտէսին վրայ-Խմբ.). Որոտան գետի երկայնքով ձեւաւորուած ռազմաճակատ կայ: Այսօր նաեւ փորձած են Բերձորի ուղղութեամբ որոշակի յարձակում իրականացնել, ինչպէս նաեւ մօտենալ հարաւային ուղղութեամբ դէպի ՀՀ սահման, սակայն ոտնձգութիւնները ետ մղուած են, անոնք կիրառելով հրետանի եւ անօդաչու թռչող սարքեր, յաջողութեան չեն հասած»,- նշած է նախարարութեան ներկայացուցիչը:

Ըստ անոր՝ գիւղերուն ուղղութեամբ, իբրեւ կանոն, կը մօտենան ազրպէյճանական հետախուզական փոքր խումբեր, որոնք կը բերեն թեթեւազէն սպառազինութիւն:

«Մեր ստորաբաժանումներու հարուածներէն ետք կը նահանջեն, կը փախչին անտառներով եւ լեռներով, կը փորձեն այլ ուղղութիւններ զարգացնել եւ այս ուղղութեամբ 24 ժամեայ ռիթմով մարտական գործողութիւնները ոչ մեծ լարուածութեամբ կը շարունակուին:

«Հիմնականօրէն դաշտավայրերու մէջ որոշակի յաջողութիւն ունենալէ ետք Ազրպէյճանի ԶՈՒ-ն, որուն միացած են ահաբեկչական հրոսակախմբերը եւ այլոք, կը փորձեն զարգացում ապահովել բարդ անտառա-լեռնային տեղանքի մէջ, ուր այնքան ալ ատիկա հեշտ չի յաջողիր: Կ՛ընթանան մարտավարական առումով աւելի դժուար ու բարդ պայքար»,- յայտնեց Արծրուն Յովհաննիսեան: