
Քոնկրէսական Փալոն Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Բանաձեւ Ներկայացուցած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոն, 31 ներկայացուցիչներու համահեղինակութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու բանաձեւ ներկայացուցած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատ: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ հայ դատի յանձնախումբը:
«Ֆրանք Փալոն (31 ներկայացուցիչի համահեղինակութեամբ) ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատ ներկայացուցած է հզօր բանաձեւ, որով կոչ կ՛ընէ պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը»,- ըսուած է հրապարակման մէջ: