Հայաստանի եւՖրանսայի Նախագահները Կը Շեշտեն Հրադադարի Պահպանման Անհրաժեշտութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին իրավիճակը քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները Փարիզի մէջ՝ Ելիսէյեան պալատին մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:

Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Էմանյուէլ Մաքրոնին՝ նշելով, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Ֆրանսայի եւ անձամբ նախագահ Մաքրոնի ջանքերն ու դիրքորոշումը հակամարտութեան կարգաւորման հարցով:

Սարգսեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումը կը շարունակուի, թիրախ կը դառնան Արցախի բնակավայրերը, խաղաղ բնակչութիւնը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, որուն հետեւանքով կան զոհեր ու վիրաւորներ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ։ Հայաստանի նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերուող ռազմաքաղաքական աջակցութեան առնչութեամբ, ընդգծելով, որ Թուրքիոյ՝ իբրեւ երրորդ կողմի նման ծաւալի ներգրաւուածութիւնը աւելի կը սրէ իրավիճակը եւ կը վտանգէ տարածաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը: Արմէն Սարգսեան ըսած է, որ տարածաշրջանի համար առանձնակի սպառնալիք են Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճան բերուած եւ այնուհետեւ այդ երկրի բանակի կազմին մէջ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցող իսլամիստ ահաբեկիչները, որոնք, չի բացառուիր, որ ժամանակ մը ետք յայտնուին նաեւ այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` նաեւ Եւրոպայի:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ Մաքրոնը նոյնպէս մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն եւ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ:

Նախագահները համակարծիք եղած են, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի, եւ կարեւոր տամապած են հրադադարի հաստատման շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Սարգսյանն ու Մակրոնն ընդգծել են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի դերը հակամարտության կարգավորման գործում և կարևորել Մինսկի խմբի համանախագահությամբ հնարավորինս շուտ բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալու անհրաժեշտությունը:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները նաեւ փաստած են, որ երկու ժողովուրդներու բազմադարեայ կապերու եւ բարեկամութեան հենքի վրայ կառուցուած հայ-ֆրանսական առանձնայատուկ յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ բարեկամութեան եւ փոխըմբռնման ոգիով: