
Պաշտպանութեան Բանակը Ազրպէյճանական Ուժերուն Կը Պատճառէ Կենդանի Ուժի եւ Զինամթերքի Մեծաքանակ Կորուստներ
Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ Հոկտեմբեր 19-ի լոյս 20-ի գիշերը իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած: Այս մասին կը յայտնեն Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնէն:
Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը: Յատկապէս բուռն մարտեր ընթացած են հարաւային ուղղութեամբ։
ՊԲ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վերահսկողութեան տակ պահել իրադրութիւնը եւ իրենց գործողութիւններով թշնամական ուժերուն կը պատճառեն կենդանի ուժի եւ զինամթերքի մեծաքանակ կորուստներ: