
Գալամաթայի եւ Գոմոթինիի Հայութեան Զօրակցական Հաւաքներ
«Ազատ Օր»
Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք մեր անցեալ թիւերով, Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմի առաջին օրերէն, Գալամաթայի հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ եւ հայկական խաչքարին առջեւ կատարած հաւաքով իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց բանակին։
Անկէ ետք, թաղային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, յաջորդական հաւաքներով, շրջանի հայութիւնը իր ամբողջանուէր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հանգանակութեան ի նպաստ հայ զինուորին։ Երեք յաջորդական հաւաքներէն ետք, մինչեւ այսօր ապահուեցաւ 3.800 եւրոյի գումարը։
Յատկանշական եղաւ երրորդ հաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի քաղաքապետ Թանասիս Վասիլոփուլոս, Մեսինիասի մետրոպոլիտ Խրիսոսթոմոս եպիսկոպոսը, երեսփոխան Միլթոս խրիսոմալիս եւ Յունաստանի քաղաքապետութիւններու միութեան քարտուղար Տիմիթրիս Քաֆանտարիս։ Բոլորն ալ խօսք առնելով, իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը եւ ջերմ զագացումները յայտնեցին հայութեան։ Խրիսոսթոմոս մետրոպոլիտը տեղւոյն վրայ յայտարարեց, որ անձամբ կը մասնակցի համահայկական դրամահաւաքին եւ 2.000 եւրօ կը նուիրէ Արցախին։ Մետրոպոլիտի այս բացառիկ նախաձեռնութիւնը արժանացաւ բոլոր ներկաներու բարձր գնահատանքին։

Շաբաթ՝ 10 Հոկտեմբերի երեկոյեան, հրաւէրով Գոմոթինիի հայ մշակութային միութեան, շրջանի հայութիւնը եւ քաղաքին մէջ գործող յունական մշակութային միաւորներ հաւաքուեցան քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ, իրենց ընդվզումը յայտնելու համար Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծուած պատերազմին դէմ եւ միաժամանակ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի մարտնչող բանակին ու ժողովուրդին։ Նստահաւաքի ընթացքին, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր թատերական ներկայացումներով, ընթերցումներով եւ ասմունքներով, որոնք կատարուեցան մասնակցողներուն կողմէ։ Բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ զգալի էր տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու կոչը եւ հայութեան խաղաղ գոյակցումը իր հողերուն վրայ։ Նշենք, որ ժողովուրդի ներկայութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը մեծ եղաւ, յայտնելով իրենց հայասէր զգացումները եւ քաջալերանքը հայութեան հանդէպ։