Ազրպէյճան Կրկին Լայնածաւալ Պատերազմական Գործողութիւններ Սկսած է Առաջնագիծի Երկայնքով. Թշնամին Կ՛օգտագործէ Վարձկան-ահաբեկիչներ

Հայաստան

Ազրպէյճան կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել մարդասիրական կրակամարը եւ Հոկտեմբեր 13-ի վաղ առաւօտէն կրկին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսած է առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով:

Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան՝ աւելցնելով․

«Հրետանային զինատեսակներէն կը գնդակոծուին նաեւ խաղաղ բնակավայրերը: Բանակային ստորաբաժանումներու հետ բուռն պատերազմական գործողութիւններուն ազրպէյճանական կողմէն կը մասնակցին քանի մը հազար վարձկան-ահաբեկիչներ: Պաշտպանութեան բանակը ծանր մարտեր կը մղէ` փորձելով կասեցնել թշնամիին նախայարձակ գործողութիւնները: Պէտք է գործադրել բոլոր ջանքերը մինչեւ ատամները զինուած թշնամիին մեծ կորուստներ պատճառելու եւ հայրենական այս պատերազմին յաղթանակ ապահովելու համար»։