Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած է Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան շէնքին մէջ հանդիպում ունեցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Վարչապետը անդրադարձած է Ազրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, կառավարութեան քայլերուն եւ գործողութիւններուն, ներառեալ` դիւանագիտական ասպարէզին մէջ, ինչպէս նաեւ շարք մը հարցերու պատասխանած է:

Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց դիտարկումներն ու առաջարկները հակառակորդին դէմ պայքարի եւ յետագայ քայլերու ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները ողջունած են նման ձեւաչափով մտքերու փոխանակութիւնը: Նշուած է, որ կախուած իրավիճակէն` նմանատիպ հանդիպումները կրնան կրել շարունակական բնոյթ: