ՀՀ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը Թուրքիոյ ԱԳՆ Յայտարարութեան Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան

Այսօր Թուրքիոյ ԱԳՆ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որ կ՝ընդգրկէ շարք մը մերկապարանոց մեղադրանքներ Հայաստանի Հանրապետութեան հասցէին։ Ակնյայտ է՝ Թուրքիան, որուն անմիջական մասնակցութեամբ նախապատրաստուեցաւ եւ կը շարունակուի Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ռազմական յարձակումը, չի հրաժարիր իրավիճակի յետագայ ապակայունացման եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու տապալման ուղղուած իր կեցուածքէն։

Չսահմանափակուելով Մերձաւոր Արեւելքէն ահաբեկիչ զինեալներու, ռազմական սպառազինութեան ու մասնագէտներու մատակարարմամբ Ազրպէյճանին` Թուրքիան ստանձնած է նաեւ ս․թ․ Հոկտեմբեր 10-ին ՌԴ նախագահ Փութինի նախաձեռնութեամբ ՀՀ, ԱՀ եւ ՌԴ ԱԳ նախարարներու մակարդակով ձեռք բերուած հրադադարին վերաբերեալ համաձայնութեան դրոյթներու տապալման նպատակով Ազրպէյճանի սանձազերծած տեղեկատուական եւ քաղաքական արշաւի հովանաւորչութիւնը։

Այդ ամէնուն ետին ակնյայտ կ՝երեւի Թուրքիոյ ձգտումը շարք մը այլ հարեւան տարածաշրջաններէն ետք, վերածելու նաեւ մեր ողջ տարածաշրջանը հարթակի իր ծաւալապաշտական նկրտումներու դրսեւորման համար։

Խստօրէն կը դատապարտենք Թուրքիոյ սադրիչ քաղաքականութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ եւ կարեւոր կը համարենք տարածաշրջանի կայունութեամբ շահագրգիռ բոլոր ուժերու համագործակցութիւնը։