Հարաւային Ուղղութեամբ Պաշտպանութեան Բանակը Թշնամիին Մեծ Կորուստներ Կը Պատճառէ

Հայաստան

 Այսօր Առաւօտեան Խոցուած է Հակառակորդի Երկու ԱԹՍ

Հարաւային ուղղութեամբ առաւօտեան հակառակորդի երկու ԱԹՍ խոցուեցաւ, իր ֆէյսպուքեան էջին գրեց ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

Մէկ այլ գրութեամբ ան յայտնեց, որ հարաւային ուղղութեամբ հրետանային գերճշգրիտ հարուածներով մեր բանակը հակառակորդին կը պատճառէ մարդկային ուժի մեծ կորուստներ:

«Հայկակական ստորաբաժանումները քիչ առաջ ոչնչացուցած են նաեւ թշնամիի չորս միաւոր Դ-30 հաուբից, անձնակազմով եւ զինամթերքով, որոնք չէին հասցուցած զբաղեցնել կրակային դիրքեր»։

Աւելի առաջ ՊՆ խօսնակը յայտնած էր, որ գիշերուան ընթացքին արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակը կայուն-լարուած էր:

Վաղ առաւօտեան ժամը 08:30-ի մօտ հարաւային ուղղութեամբ հակառակորդը կեդրոնացման շրջանէն գրոհի փորձ ձեռնարկած է, սակայն, կորսնցնելով երեք միաւոր ռազմական սարք եւ տալով աւելի քան քսան զոհ ու վիրաւոր, Ջէբրայիլի մատոյցներէն գումարտակի կազմով դիմած է փախուստի: