Վերադարձուցինք Վարանգաթաղ (Լուլասազ) Բարձունքը. Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստան

Ինչպէս արդէն աւելի վաղ հաղորդած էինք, երէկ օրուան ընթացքին ՊԲ ստորաբաժանումները շարունակած են ջախջախիչ հարուածներ հասցնել հակառակորդին` էապէս բարելաւելով դիրքերը: Մասնաւորապէս երէկ` ժամը 14:00-ի մօտ, ՊԲ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական շարժում» ջոկատի բուռն մասնակցութեամբ, հիւսիսային ուղղութեամբ կազմակերպուած է հակագրոհ եւ վերադարձուած է Վարանգաթաղ (Լուլասազ) կոչուող բարձունքը:
Ներկայիս մարտական գործողութիւնները արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ կը շարունակուին: