
Ազրպէյճանական Ուժերը Մեծաթիւ Խումբերով Կը Կուտակուին Արցախա-իրանական Սահմանի Երկայնքով. ՀՀ ՊՆ
Ազրպէյճանական ստորաբաժանումները, չունենալով արդիւնաւէտ յարձակողական գործողութիւններ վարելու բաւարար կարողութիւններ, մեծաթիւ խումբերով կը կուտակուին անմիջապէս արցախա-իրանական սահմանի երկայնքով (Արաքս գետի երկայնքով) եւ փաստացիօրէն պատսպարուելով այդ սահմանով, կը փորձեն առաջ շարժիլ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, չունենալով արդիւնաւէտ յարձակողական գործողութիւններ վարելու բաւարար կարողութիւններ, արդէն երկրորդ օրն է, սկսած են դիմել ակնյայտ սադրանքներու։ Մասնաւորապէս, արցախա-ազրպէյճանական ռազմական գործողութիւններու հարաւային ուղղութեան վրայ ազրպէյճանական ստորաբաժանումները մեծաթիւ խումբերով կը կուտակուին անմիջապէս արցախա-իրանական սահմանի երկայնքով (Արաքս գետի երկայնքով) եւ փաստացիօրէն պատսպարուելով այդ սահմանով, կը փորձեն առաջ շարժիլ»,-նշած է Յովհաննիսեան։
Ան աւելցուցած է, որ այդ մարտավարութեամբ ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ հրահրել արցախեան կողմին կրակ բանալ կամ հարուածներ հասցնել սահմանի երկայնքով` փաստացի Իրանի ուղղութեամբ: Չի բացառուիր նաեւ, որ մարտական գործողութիւններու արդիւնքով ազրպէյճանական ստորաբաժանումները, այլընտրանք չունենալով, նահանջեն կամ փախչին իրանական տարածք: «Այս ամէնէն խուսափելու համար, կը կարծենք, իրանական կողմը, որ անշուշտ կը տեսնէ այդ ամէնը, պէտք է կանխէ կամ պարտադրէ ձեռնպահ մնալ այդպիսի կուտակումներէ»,-նշած է Յովհաննիսեան: