Թշնամին Կենդանի Ուժի եւ Զինամթերթի Սարսափելի Մեծ Կորուստներ Կը Կրէ. ԱՀ Նախագահի Խօսնակ

Հայաստան

Արցախի նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է.

«Շփման գիծի այն հատուածներուն մէջ, ուր բուռն մարտական գործողութիւններ կ՛ընթանան, հրամանատարներէն անընդհատ տեղեկութիւններ կը ստանամ, որ թշնամին կենդանի ուժի եւ զինամթերքի սարսափելի մեծ կորուստներ կը կրէ:

Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն կատարել իր առջեւ դրուած խնդիրը»: