
Թրքական Կործանիչները Կը Կիրառեն Օդ-ցամաք Հրթիռներ
Ազրպէյճանի ռազմաօդային ուժերը խառն մարտակարգով ռազմական օդանաւի հրթիռնեով կը հարուածեն հիւսիսային հարուածը, կ՛օգտագործուին նաեւ թրքական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքեր:
Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնէն կը յայտնեն, որ օդ կը բարձրանան նաեւ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն պատկանող F-16 կործանիչները:
«Հակառակորդին օդուժը կը գործէ հեռուէն` չմտնելով հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներու խոցման տիրոյթ: Կը կիրառուին օդ-ցամաք հեռահար հրթիռներ: Օդաչուներու թրքերէնով խօսակցութիւնները արձանագրուած են», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: