Բոլորս Սրտով Անոնց Հետ Ենք. Սեդա Ազնաւուր Իր Աջակցութիւնը Յայտնած է Արցախ Մեկնողներուն

Սփիւռք

Շառլ Ազնաւուրի դուստրը` Սեդա Ազնաւուր, ֆէյսպուքեան իր էջին ճակատ մեկնողներու լուսանկար հրապարակած է եւ գրած․

«Հայաստանի ոստիկանութիւնն ու զինուորականները կը միանան: Բարոյական ոգին բարձր է: Մենք բոլորս սրտով անոնց հետ ենք եւ թող Աստուած պահապան ըլլայ անոնց»: