Փայլանը Թուրքիան ու Ազրպէյճանը Մեղադրած է Տեղեկութիւններու Իսկութիւնը Խեղաթիւրելու Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Facebook-ի իր էջով անդրադարձած է արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ ծաւալուող լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն։ Ան Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի իշխանութիւնները մեղադրած է տեղեկութիւններու իսկութիւնը խեղաթիւրելու համար:

«Կը պնդեն, որ Ղարաբաղի մէջ հայերը յարձակած են ազրպէյճանցիներու վրայ: Որքան Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան յարձակումն է հաւանական Կիպրոսի յոյներուն վրայ, այնքան ալ հայերունը՝ ազրպէյճանցիներու վրայ Ղարաբաղի մէջ: Այդ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան են, որ կը փորձեն փոխել Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Պատերազմի մէջ առաջին հերթին ճշմարտութիւնը կը մահանայ»,- գրած է Փայլան: