Հայ Ժողովուրդը Պարտաւոր է Ասպետավարի Յաղթահարելու Իր Բաժին Փորձութիւնը, Որպէսզի Անկէ Դուրս Գայ Աւելի Իմաստուն ու Խիզախ․ Պարգեւ Սրբազան

Հայաստան

Արցախեան հիմնախնդրի էութիւնը մարդու տարրական իրաւունքներու խնդիր է եւ ոչ՝ տնտեսական կրօնական եւ այլն։

Արցախի տեղեկատուական շտաբին մէջ կայացած երէկուան ճեպազրոյցին ընթացքին, ըստ «Ապառաժ»-ի, ըսած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան։

Անոր խօսքով՝ Ազրպէյճանի քաղաքական վերնախաւը, եւ ոչ թէ ազրպէյճանցի ժողովուրդը, հերթական անգամ նենգաբար խախտեց զինադադարը եւ ամբողջ սահմանին պատերազմ հրահրեց։

«Իլհամ Ալիեւը չի մտածեր ազրպէյճանցի երիտասարդներուն մասին։ Անոնք ալ կորուստներ կու տան։ Արդէն երեսուն տարիէն աւելի է, որ կ՝ըսեմ՝ ուշ թէ շուտ պատերազմները կ՝աւարտին։ Ուշ թէ շուտ այդ խաղաղութիւնը պիտի գայ։ Աստուած տա շուտ գայ այդ խաղաղութիւնը ե՛ւ մեր, եւ ազրպէյճանցիներու համար։ Ուղղակի պէտք իմաստուն որոշում մը գտնել եւ խաղաղ ճանապարհով լուծել այդ հարցը։ Մենք կ՝աղօթենք այդ խաղաղութեան համար։ Կը մաղթենք այդ խաղաղութիւնը ե՛ւ մեզի եւ իրենց եւ մեր ամբողջ տարածաշրջանին ու համայն աշխարհին»,- ըսած է Պարգեւ Սրբազանը՝ աւելցնելով, որ այսօր, ամբողջ ազգով գտնուելով պատերազմի մէջ, իւրաքանչիւրը ունի իր ընելիքը։

«Նախ՝ ամբողջ ազգով պէտք է ըլլանք միաբան, երկրորդ՝ ամէն ինչով պէտք է սատարենք մեր բանակին, որ կը սատարէ մեր խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Պատերազմը կեանքի երեսներէն մէկն է։ Ծառայութիւն մըն է, ուր ամէն մէկը պէտք է համախմբուած գործէ։ Բժիշկը՝ բժշկէ, մատակարարը՝ մատակարարէ, զինուորը մարտի դաշտի վրայ կռուի։ Մենք պէտք է մեր ծառայութիւնը մատուցենք անվախօրէն ու լրջօրէն մօտենանք մեր ընելիքներուն»,- ըսած է Արցախի հոգեւոր առաջնորդը։

Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ փորձութիւնը մարդու, ազգի, ժողովուրդի համար է եւ հայ ժողովուրդը պարտաւոր է ասպետավարի յաղթահարելու իր բաժին փորձութիւնը, որպէսզի անկէ դուրս գայ աւելի իմաստուն ու խիզախ։

Պարգեւ Սրբազանը տեղեկացուցած է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատրաստակամութիւն յայտնած է գալու Արցախ՝ գօտեպնդելու ժողովուրդը։

Անդրադառնալով Արցախեան պատերազմի երեք սերունդներու առանձայատկութիւններուն վերաբերեալ հարցին, Պարգեւ Սրբազանը իր հիացմունքը արտայայտած է ինչպէս 90-ական թուականներու պատերազմի մասնակից ֆետայիններուն, իսկ յետոյ նաեւ կանոնաւոր բանակի մարտիկներու խիզախութեան ու նուիրումին, այնպէս ալ՝ Ապրիլեան ու ներկայ պատերազմներու սերունդի զինուորներու հզօր որակներուն նկատմամբ։

«Ես հպարտ եմ մեր զինուորներով։ Մենք միշտ օրհնած ենք մեր ժողովուրդը ու հայրենիքի պաշտպանները։ Անոնք մեր խաղաղութեան ու անվտանգութեան երաշախաւորն են։ Թող այսօր ալ Աստուած օրհնէ մեր ժողովուրդը եւ մեր զինուորները՝ բոլորը ողջ առողջ վերադարձնէ իրենց դիրքերն ու տուները։ Թող Աստուած օրհնէ մեր ազգը, մեր բանակն ու մեր հայրենիքը։ Բոլորս ըլլանք խիզախ, իմաստուն եւ ամենակարեւորը՝ միաբան ու լրջօրէն կատարենք մեր յանձնարարականները»,- ըսած է Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան։