
Առաջնագիծին Վրայ Թշնամին Ոչ Մէկ Յաջողութիւն Ունի․ Արցախի Նախագահի Խօսնակ
Հայկական կողմը արցախա-ազրպէյճանական սահմանային գօտիին վրայ հակահարուած կու տայ թրքական եւ ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներէ կազմուած ազրպէյճանական զօրքին, այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Վահրամ Պօղոսեան:
«Հակառակ ազրպէյճանական կողմէ տարածուող բուռն ապատեղեկատուութեան, նշեմ, որ առաջնագիծին վրայ թշնամին ոչ մէկ յաջողութիւն ունի: Թրքական եւ ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներէ կազմուած ազրպէյճանական զօրքը ամէնուրեք կը հանդիպի Պաշտպանութեան բանակի կոշտ ու կործանիչ հարուածներուն»,- գրած է Պօղոսեան: