
Անհնար Է Յաղթել Ժողովուրդի Մը, Որ Ժամերու Ընթացքին Կը Վերածուի Կուռ Ու Միասնական Բանակի․ Արցախի Նախագահ
Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Սեպտեմբեր 28-ի առաւօտեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է․
Հայրենիքի եւ Սփիւռքի Մէջ ապրող սիրելի՛ հայրենակիցներ
Արդէն երկրորդ օրն է կը շարունակենք բուռն կերպով գտնուիլ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան սանձազերծած պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններուն մէջ: Գիշերուան ընթացքին Պաշտպանութեան բանակը իրականացուցած է քանի մը փայլուն ռազմագործողութիւններ` պաշտպանական բնագիծի տարբեր հատուածներու վրայ վերականգնելով կորսնցուցած դիրքերը կամ ունեցած է որոշ յառաջխաղացում:
Հպարտ եւ շնորհակալ եմ մեր զօրքին, հրամանատարութեան` ցուցաբերուող մարտական բարձր ոգիին եւ պատրաստականութեան համար:
Հպարտ եւ շնորհակալ եմ մեր ժողովուրդին` այս ընթացքին ցուցաբերած ողջախոհութեան, ամէն ինչ յանուն Հայրենիքի ու ճակատի` նուիրուածութեան համար:
Հպարտ եւ շնորհակալ եմ ՀՀ մեր հայրենակիցներուն ու իշխանութիւններուն` ցուցաբերած անվերապահ սատարման համար:
Հպարտ եւ շնորհակալ եմ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներէն աջակցող հազարաւոր զանգերուն ու խօսքերուն համար:
Խոնարհումս ու ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ այս ընթացքին հերոսի կեանքով ինկած մեր բոլոր տղաներուն հարազատներուն: Հպարտ եւ շնորհակալ եմ:
Յարգելի՛ հայրենակիցներ
Մէկ անգամ եւս կը դիմեմ բոլորիդ` յաղթանակի անվերապահ հաւատքով ու զգացումով: Անհնար է յաղթել ժողովուրդի մը, որ ժամերու ընթացքին կը վերածուի կուռ ու միասնական բանակի:
Յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ: