Մեր Պատասխանը Պիտի Ըլլայ Կոշտ Ինչպէս Երբեք. ՀՀ ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յղած է ուղերձ մը, ուր նշած է, որ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը վճռական հակայարուածներով կը կասեցնէ թշնամիին առաջխաղացման բոլոր փորձերը՝ թշնամիին պատճառելով ծանր կորուստներ:

Տօնոյեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը, հանդիսանալով Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը, պատրաստ են ցուցաբերելու ցանկացած աջակցութիւն՝ ապահովելու Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը:

«Այսօր վաղ առաւօտեան, կոպտագոյնս խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի գործող չափանիշներն ու հակամարտութեան լուծման խաղաղ բանակցային գործընթացի տրամաբանութիւնը, ատրպէյճանական զինուած ուժերը հրթիռահրետանային եւ օդային միջոցներու կիրառումով յարձակման անցած են արցախա-ազրպէյճանական ուժերու սահմանագիծի ողջ երկայնքով՝ թիրախ դարձնելով պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերն ու Արցախի խաղաղ բնակավայրերը: Այդպիսով, մարտական գործողութիւններու հետեւանքներուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Արդէն իսկ ակներեւ է, որ դասեր չքաղելով նախապէս ունեցած անփառունակ պարտութիւններէն՝ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կրկին գերագնահատած են ունեցած կարողութիւնները, ինչի համար, վստահ եմ, խստագոյնս պիտի պատժուին»,- իր ուղերձին մէջ նշած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը:

Անոր խօսքով՝ այս արկածախնդրութիւնը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ թշնամիին համար, իսկ պատասխանը պիտի ըլլայ կոշտ ինչպէս երբեք: Տօնոյեան ընդգծած է, որ հայկական բանակը կը տիրապետէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն՝ հերթական անգամ ջախջախելու հայրենիքի նկատմամբ ոտնձգութիւն իրականացնող թշնամիին:

«Յարգելի հայրենակիցներ, զինակից ընկերներ, միասնութեան շնորհիւ կերտուած են մեր պատմութեան բոլոր յաղթանակները: Վստահ եմ, որ այս վճռական պահուն մենք միասնաբար, պատուով պիտի կատարենք մեր մարտական խնդիրը՝ դաս տալով միայն ուժի լեզուն հասկցող թշնամիին»,- նշած է Տօնոյեանը: